İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿԱՆՈՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԻ

Պատրիարքական Աթոռոյս Հրատարակչութեան Յանձնախումբը քահանայական ձեռնադրութեան առթիւ լոյս ընծայեց «Կանոն Ձեռնադրութեան Քահանայի» խորագրեալ գրքոյկը, եկեղեցական ու եկեղեցասէր շրջանակներու գործածութեան համար։

Քահանայական ձեռնադրութեան աղօթքներու, սուրբգրական ընթերցումներու եւ շարականներու երգեցողութեան կանոնաւորութիւնը ապահովելու նպատակաւ պատրաստուեցաւ նոր գրքոյկ մը, որ կը բաղկանայ 64 մեծադիր էջերէ եւ կը սկսի Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի «Նախաբան» առաջնորդող խօսքով։

Հայր Սուրբը այդտեղ կը բացատրէ թէ սոյն գիրքը կու գայ օղակ մը եւս աւելցնել Պատրիարքական Աթոռոյ ծիսական-արարողական հրատարակութեանց օգտաշատ ու գործնական աշխատութեանց փաղանգին, ի պայծառութիւն Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի գործածութիւն դպրաց ու հաւատացելոց։

«Չյանդգնեցանք որեւէ բարեփոխում եւ կամ յապաւում կատարել, ընդհակառակը, փորձեցինք պահել աւանդական բնագիրը, ձեւն ու ոճը։ Հարստացուցինք զայն արդի ձայնագրութեամբ ու լրացուցինք յապաւումները՝ ի դիւրութիւն արարողական հետեւողականութեան։ Մանր սրբագրութիւններ կատարեցինք, բնագրին մէջ առկայ որոշ վիճելի կէտերն ու հաստատումները այժմէականացուցինք եւ թարգմանութիւնները ամբողջացուցինք։ 

Աթոռոյս հայեցակէտը եղած է միշտ ժողովուրդը հաղորդ դարձնել Սուրբ Գիրքին ու աղօթասացութեան եւ առ այդ կարեւորութիւն ընծայած է, որ մերօրեայ եւ կամ ըմբռնելի լեզուով հասկնալի դառնան զանոնք բոլոր խաւերուն։ Որովհետեւ, Սուրբ Գիրքի խօսքը պէտք է ձեւաւորէ մարդուն կեանքը եւ աղօթքը անոր մասնակցութիւնը պէտք է ապահովէ՝ որպէսզի անհատական աղօթքը վերածուի նաեւ հաւաքականի։ Այս մտահոգութիւնն է հիմնական պատճառը, որ կը մղէ մեզ յաճախ թարգմանական աշխատանքի՝ չթողուլ Եկեղեցին, որ վերածուի պատմութեան պատկանող հաստատութեան, այլ՝ մօտեցնել զայն հաւատացեալին ու պահել՝ կենդանի։

Այս առումով, բնագիրը ունի իր յատուկ կարեւորութիւնը՝ պահելու, նաեւ փոխանցելու մէջ աւանդականը։ Իսկ թարգմանական աշխատանքը եւս կարեւոր է աղօթքի միութեան համար։ 

Այս մերձեցումով հետեւեալ թէքնիք ընթացքը որդեգրեցինք.

Գրաբար բնագիրի համար 1807ին Կ.Պոլիս, Քիւրքճի Խանի տպագրութիւնը նկատի ունեցանք։ Օգտուեցանք նաեւ Վաղարշապատի (1876) եւ Երուսաղէմի (2003) տպագրութիւններէն։ Աշխարհաբարի վերածումը մեծաւ մասամբ առինք Երջանկայիշատակ Զարեհ Արքեպս. Ազնաւորեանի Կանոն Ձեռնադրութեան Քահանայի (Անթիլիաս, 2003) կատարած թարգմանութենէն։ Սուրբգրական (Հին Կտակարանի) մէջբերումները կատարեցինք Սուրբ Գրոց Ընկերութեան հրատարակութենէն (1985)՝ իսկ Նոր Կտակարանային մէջբերումները՝ Երուսաղէմի (Աստուածաշունչի Միացեալ Ընկերութիւն, տպ. Սրբոց Յակոբեանց, 1981) տպագրութենէն։ Սաղմոսներու աշխարհաբար տարբերակին համար օգտուեցանք Շահէ Արքեպս. Աճէմեանի վերծանումէն (Գիրք Սաղմոսաց Դաւթի, Ձիթենեաց Լեռ, Երուսաղէմ, 1988)։

Հատորիս կողքի պատրաստութիւնը կատարեցին Աթոռոյս երիտասարդ ոյժերը՝ Արիս Քարաֆիլն ու Բրկ. Սարվէն Դպիր Տանէն։ Մուտքագրութիւնը կատարեց նոյնպէս Բրկ. Սարվէն Դպիր Տանէ, իսկ էջադրութիւնը կատարեց Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան։

Մեր նպատակն է, Եկեղեցւոյ ու Հայ Ժողովուրդի տրամադրութեան տակ դնել ու գործածութեան յանձնել երկ մը, որ աղօթքի կը հրաւիրէ հաւատացեալները՝ նոր սպասաւորներու պատրաստութեան ու իրենց նուիրման համար ժողովուրդի ծառայութեան։ Մեր ժողովուրդի պատմութիւնը ինքնին ծառայութեան մարմնացումն է՝ անսակարկ. եւ այս աշխատութեամբ մեր աղօթքը գործի կը վերածենք ու կ՚աղօթենք միանգամայն, որ Տէր Աստուած նոր մշակներ թող հանէ Իր հունձքին համար»։

Հատորին մէջ բնագրի հանդիպակաց սիւնակներուն վրայ տեղադրուած է աշխարհաբարի թարգմանութիւնը, ինչպէս նաեւ շարականներու ձայնագրութիւնները։ Շարականներու ձայնագրութիւնները պատրաստուած են Բրշ. Յարութիւն Էտվին Սրկ. Կալիպեանի կողմէ։

Հատորը հրատարակութեան պատրաստեց Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. (այժմ՝ Հոգշ. Տ. Յովակիմ Աբղ.) Սերովբեան։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/a.127587797401112/1702148439945032

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın