İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԿՈՉՈՒՄ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական է ներկայ շաբաթավերջը։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի վեղարաւորներու դասը կը համալրուի արժէքաւոր տարրով մը. յանձինն՝ տիրացու Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի, որ կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ։ Երբ պոլսահայութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր հոգեւորականներու սակաւութեան խնդիր կը դիմագրաւէ, այս ձեռնադրութիւնը կ՚առթէ լաւատեսութիւն եւ դրական հեռանկարներ կը խոստանայ՝ հոգեւոր կեանքի վերաշխուժացման տեսակէտէ։

Միանշանակ է, որ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան արժանաւոր թեկնածու մըն է հոգեւորական դառնալու համար։ Մանուկ հասակէ ան նուիրուած է եկեղեցւոյ եւ տասնամեակներէ ի վեր ծառայած՝ նուիրումով, անսակարկօրէն։ Կեդրոնականի սան մըն է, հասակ առած ու սնած է հայաշունչ ընտանիքէ մը ներս։ Առանձնապէս ուրախառիթ է, որ մեր հոգեւորական դասու շարքերը կը համալրուին՝ հայերէնով արտայայտուելու ընդունակ կղերականով մը։ Բազմավաստակ կրթական մշակ Մանիշակ Սերովբեանի որդին է նորընծան, որու բարեյիշատակ հայրը՝ հոգելոյս Սարգիս Սերովբեանն ալ եղած է հայ մշակոյթի սպասաւոր մը։ Ծնողներուն կենցաղը ցոլացած է նորաօծ աբեղայի ամբողջ կեանքին ու ապրելակերպին վրայ։ Եըլտըզի Թեքնիկ համալսարանէն ներս ճարտարապետական ուսում ալ ստացած է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան, որ տարիներու ընթացքին իր նախընտրութիւնը թեքած է դէպի հոգեւոր ասպարէզ։ Գնալը կղզիի Ներսէսեան դպրաց դասու շարքերէն երջանկայիշատակ Մեսրոպ Պատրիարքի ներշնչանքով պատրաստուած՝ ան ցայսօր առանց ձեռնադրուելու ծով փորձառութիւն կուտակած է։ Իր գործունէութեան մէջ առանձնայատկութիւն կը համարուի հրատարակչական ոլորտէ ներս հմտութիւնը։ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ հրատարակուած բազում գիրքերու, հաստատուած մատենաշարերու պարագային ունեցած է անփոխարինելի ներդրում մը։ Պատասխանատուութիւն ստանձնած է նաեւ Պատրիարքարանի արխիւէն եւ գրադարանէն ներս եւ այս գետնի վրայ ուշագրաւ եղած է իր նախանձախնդրութիւնը, իրեն վստահուած ժառանգութեան տէր կանգնելու գիտակցութիւնը։ Ի լրումն այս բոլորին, վերջին տարիներուն միշտ եղած է Պատրիարքարանի «Կոլոտ» թանգարանի պատասխանատուն։

Դժբախտաբար, այսքան տարիէ ի վեր յապաղած է Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ձեռնադրութիւնը։ Բոլորը այսօր այս կարգադրութիւնը կ՚ողջունեն՝ լաւ է ուշ քան երբեքի մօտեցումով։ Այլեւս բոլոր ընթացակարգերը աւարտած են, Կրօնական ժողովը առած է անհրաժեշտ որոշումը, որպէսզի տիրացու Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան միանայ մեր հոգեւորականաց դասու շարքերուն եւ արդէն որպէս ձեռնադրեալ կղերական՝ շարունակէ իր ծառայութիւնը եկեղեցական անդաստանէ ներս։

Երէկ երեկոյեան, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի կոչման արարողութիւնը։ Այս առաւօտ ալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հանդերձեալ էր Ս. Պատարագ մատուցանելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց տիրացու Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը։ Խարտաւիլակն էր Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ նաեւ նորընծային վեղարի տուչութիւնը։ Քառասնօրեայ ապաշխարութեան շրջանը բոլորելէ վերջ ան կը ձեռնարկէ ծառայութեան։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/21-11-2020-ֆէրիգիւղի-մէջ-կոչում

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın