İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ ՆԱՄԱԿԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԿԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻՆ՝ ՏԻԿՆՈՋ ՄԱՀՈՒԱՆ ԱՌԻԹՈՎ

Մեծայարգ

Տիար Սերժ Սարգսեան

Հաայաստանի Հանրապետութեան Գ. Նախագահ

Երեւան

Սիրելի՛ Պրն. Սարգսեան,

Խոր ցաւով իմացանք Ձեր սիրելի Տիկնոջ՝ Ռիտա Սարգսեանի անժամանակ մահուան գոյժը։ Այս տխուր առիթով Մեր խորազգած ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Ձեզի, Ձեր զաւակներուն ու հարազատներուն։ 

Արդարեւ, Մենք Տիկին Ռիտան անձամբ ճանչնալու առիթը ունեցած ենք, զանազան առիթներով Ձեզի հետ Մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ այստեղ, Անթիլիասի մէջ։ Թէեւ պաշտօնական հանդիպումներ եղած են անոնք, սակայն, Տիկին Ռիտան խորապէս տպաւորած է Մեզ իր ազնուութեամբ ու լրջախոհութեամբ։ Քաջածանօթ ենք նաեւ, որ ան կարեւոր նպաստ է բերած մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արցախի մէջ իր մատուցած բարեսիրական ու ընկերային ծառայութիւններով։ Ուշագրաւ է նաեւ իր ներդրումը մեր հայրենիքի մշակութային կեանքին, յատկապէս երաժշտական մարզէն ներս իր կատարած մշակումներով ու յօրինումներով։ 

Որպէս Հայաստանի Առաջին Տիկին, ան միշտ եղած է Ձեր կողքին, եւ անկասկած, բաժնած Ձեր յաջողութիւններն ու մտահոգութիւնները։ Ուստի, կրնանք պատկերացնել թէ որքան խոր տխրութեամբ համակուած է Ձեր սիրտը սա պահուն, Տիկին Ռիտայի անվերադարձ մեկնումովը այս աշխարհէն։ Վստահ ենք, սակայն, որ Ձեր սիրելի Տիկնոջ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնայ Ձեր եւ Ձեր հարազատներու սրտին, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդի հաւաքական յիշողութեան մէջ։ Կը բաժնենք Ձեր վիշտը եւ կը հայցենք Ամենագութն Աստուծմէ որ Սուրբ Հոգւոյն միջոցաւ, եւ մեզի տուած յարութեան յոյսով մխիթարէ ու զօրացնէ Ձեզ։ 

Կ՚աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ երկնային երանական խաղաղութեան մէջ ընդունի հանգուցեալ Ռիտա Սարգսեանի հոգին, եւ Ձեզի պարգեւէ քաջառողջութիւն ու հոգեկան անդորրութիւն։ 

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Անթիլիաս, 21 Նոյեմբեր 2020

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/photos/a.472768652745040/3690330360988837/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın