İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱԲԵՂԱՅԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, հոգեւորականաց դասն ու միաբանութիւնը կ’օժտուի նոր հոգեւորականով մը՝ Աթոռոյս Սարկաւագ, Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի ձեռնադրութեամբ։

Յառաջիկայ Ուրբաթ երեկոյ, 20 Նոյեմբեր 2020, ժամը 16.00-ին, յետ երեկոյեան ժամերգութեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ պիտի կատարուի Բրշ. Վաղարշակ Սարկաւագի կոչման արարողութիւնը։

Իսկ յաջորդ առաւօտ՝ 21 Նոյեմբեր, Շաբաթ, Ս. Կոյս Աստուածածնի Երից Ամաց Տաճար Ընծայման Տօնին, ժամը 11.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, Նորին Ամենապատուութիւնը հանդերձեալ է Ս. Պատարագ մատուցանել։

Մեր Հոգեւոր Պետը ի ժամ Ս. Պատարագի պիտի կատարէ քահանայական ձեռնադրութիւնն ու օծումը Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։

Իսկ յաւարտ Ս. Պատարագի Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի կատարէ նորընծային աբեղայական օրհնութիւնն ու վեղարի տուուչութիւնը։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/a.127587797401112/1697603827066160

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın