İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Յանուն Հայաստանի պայծառ ապագայի

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 

Որ­քան ալ ան­պատրաս­տից գտնուեցանք ըստ երե­ւոյ­թի առե­րեսո­ւած ենք ան­խուսա­փելիին հետ։ Պա­հը ինքնա­դատու­թիւն եւ խոս­տո­վանանք կը պար­տադրէ։ Պար­տինք յի­շել թէ մեր այ­սօր ապ­րած ցա­սու­մը 28 տա­րի առաջ ապ­րած էր նոյն ինքն Ատրպէյ­ճան։ Տա­կաւին ազ­գա­յին բա­նակ­նե­րու իսկ գո­յու­թիւն չու­նե­ցած տա­րինե­րուն բռնկող Ար­ցա­խի պա­տերազ­մը աւար­տած էր Ատրպէյ­ճա­նի բա­ցայայտ պար­տութեամբ։ Մենք այդ յաղ­թա­նակը ող­ջունած էինք իբ­րեւ Ար­ցա­խի հա­յութեան ին­քո­րոշ­ման իրա­ւունքի պար­տադրու­մը։ Այդ պա­հուն մտքով իսկ չէինք ան­ցուցած յա­րակից եօթը տա­րածքնե­րէն աք­սո­րուած բնակ­չութեան հո­գեբա­նու­թիւնը։ Թէեւ առա­ջին օրէն իսկ հրա­պարա­կած էինք այդ տա­րածքնե­րու վե­րադար­ձը, բայց եր­բեք նպա­տակ չէինք դրած այդ հա­ւանա­կանու­թեան։ Կ՚ար­ժէ վեր­յի­շել մօտ ան­ցեալը։ Այս մա­սին առա­ջին ան­գամ կար­ծիք յայտնող Լե­ւոն Տէր Պետ­րո­սեան չէր կրցած իր դէմ հրահ­րո­ւող «Ար­ցա­խը մաս առ մաս թշնա­մուն պի­տի յանձնէ» մե­ղադ­րանքին եւ ստի­պուած մնա­ցած էր հրա­ժարե­լու իր պաշ­տօ­նէն։

Նաեւ յի­շենք թէ նոր ժա­մանակ­նե­րու մեր երաժշտու­թիւնը կա­ռու­ցե­ցինք այդ յաղ­թա­նակի ոգեշնչու­մով ստեղ­ծո­ւած ռազ­մա­տենչ եր­գե­րով։ Հասկնա­լի է իր պատ­մութեան մէջ բա­զում տա­րիներ յաղ­թա­նակի կա­րօտ մնա­ցած ժո­ղովուրդի մը այդ պա­պակը։ Սա­կայն երա­նի թէ ու­նե­նայինք խնդի­րը քիչ մըն ալ եթէ ոչ բո­լորո­վին հա­կառա­կոր­դին բայց գո­նէ մար­դա­սիրութեան մեր­ձե­ցու­մով մեկ­նա­բանող մտա­ւորա­կանու­թիւն։ Ան­շուշտ որ կա­յին այդպի­սիներ թէ Հա­յաս­տա­նի եւ թէ Ատրպէյ­ճա­նի մէջ, սա­կայն անոնց վի­ճակո­ւածը իրենց ժո­ղովուրդնե­րուն կող­մէ հա­լածուիլ եղաւ։

Պար­տութիւ­նը Ատրպէյ­ճա­նին բե­րաւ ատե­լու­թիւն եւ թշնա­մանք հա­յու­թեան հան­դէպ։ Ինչ ցա­ւալի է, որ յաղ­թա­նակն ալ մեզ նո­ւիրեց նոյն զգա­ցումնե­րը։ Թէեւ մենք չծնանք Ռա­մին Սա­ֆարո­վի նման կեր­պարներ, բայց նոյնն է վա­րակո­ւեցանք հա­մատա­րած ատե­լու­թե­նէն։

27 Սեպ­տեմբե­րին մեկ­նարկած պա­տերազ­մը ան­գամ մը եւս պար­զեց թէ շատ աւե­լի ար­դիւնա­ւէտ է շի­նիչ բա­նակ­ցութիւննե­րը բաղ­դատմամբ որե­ւէ զի­նեալ բա­խու­մին։ Այստեղ պէտք է բա­նակ­ցութիւն բա­ռը ըն­կա­լել իր դրա­կան իմաս­տով, այլ ոչ թէ ձգձգման ծա­ռայող ի զուր թղթա­բանու­թիւն։ Պար­զո­ւեցաւ որ ապար­դիւն է մի­ջազ­գա­յին դե­րակա­տար­նե­րու վրայ դրո­ւած յոյ­սե­րը։

Այ­սօր ու­նինք վի­րաւոր Ար­ցախ, վի­րաւոր Հա­յաս­տան ու վի­րաւոր սփիւռք։ Միայն մեզ ու­րիշ ոչ ոքի, այլ միայն մեզ կը վե­րաբե­րի այդ վէր­քե­րու սպիացու­մը։ Հայ ժո­ղովուրդի առ­ջեւ դրո­ւած գլխա­ւոր հրա­մայա­կան մըն է Հա­յաս­տա­նի վե­րել­քը։ Պար­տա­ւոր ենք բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տա­նը կա­ռու­ցե­լու։ Ազ­գին վե­րել­քը պայ­մա­նաւո­րուած է հա­յոց երկրի զար­գա­ցու­մով։ Մին­չեւ օրս այդ զար­գա­ցու­մը խան­գա­րող գլխա­ւոր ազ­դակն էր Ար­ցա­խի հա­կամար­տութեան խա­ղաղու­թիւնով պսա­կուած չըլ­լա­լու փաս­տը։ Եթէ ոչ այ­սօր, բայց մօտ ապա­գային պէտք է տի­րանանք տա­րած­քաշրջա­նային հա­մերաշ­խութեան, որ­պէսզի ապա­հովենք սփիւռքեան ներդրու­մը եւ տի­րանանք վե­րածաղ­կած Հա­յաս­տա­նին։ Այդ Հա­յաս­տա­նը պէտք է ձեր­բա­զատո­ւած ըլ­լայ պա­տերազ­մի սպառ­նա­լիքէն եւ օլի­կարխնե­րու լու­ծէն։ Միայն ժո­ղովրդա­վարու­թեան առ­կա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ Հա­յաս­տա­նին պայ­ծառ ապագան։

http://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/24891/hanun-hahasdani-bahdzar-abakahi?fbclid=IwAR0DEC2Z1Xp8e9eXpSrQCX2Py7dUVt6QQyx1jbmvvLUMCwPOTsqXogJ6qsY

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın