İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

ՓՐԱՆԿԻՍԿՈՍ ՊԱՊԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑԱՒ 

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷՆԵՐՈՒ ԱՌԱՋՆՈՐԴ ԵՒ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԱԿԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿ  ԱՐՀԻ. Տ․ ԼԵՒՈՆ ԱՐՔ․ ԶԷՔԻԵԱՆԸ 

Հինգշաբթի 12 Նոյեմբեր 2020-ին, Ն. Ս. Փրանկիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ Թեմի Վիճակաւոր եւ Մխիթարեան Միաբանութեան Քահանայապետական  Պատուիրակ՝ Արհի. Տ․ Լեւոն Արք. Զէքիեանը:

Սրբզ․ Քահանայապետը, Գերպ․ Զէքիեանի հետ առանձնազրոյցի ընթացքին, մօտէն հետաքրքրուեցաւ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքին եւ Մխիթարեան Միաբանութեան հարցերով, ինչպէս նաեւ Արցախի պատերազմէն եւ զինադադարէն յառաջագայող ներկայ իրավիճակով։ 

Տ․ Լեւոն Արք․ Սրբզ․ Քահանայապետին ներկայացուց համայնքին ներկայ քանակութեան, իրաւական եւ հովուական կազմակերպութեան մասին տեղեկութիւններ։ Բնութագրեց Միաբանութեան ներկայ վիճակն ու հարցերը եւ անդրադարձաւ Միաբանութեան ընդհանուր թիւին համեմատութեամբ նորընծայ եւ ուխտեալ կոչումներու  յուսադրիչ աճին։ Ան Սրբազան Քահանայապետին յանձնեց Ծառայ Աստուծոյ՝ Մխիթար Աբբահօր պատկերը եւ տեղեկութիւն տուաւ անցեալ 8 Սեպտեմբերին պաշտօնապէս վերաբացուած երանացուցման դատին ընթացքի մասին: Սրբազան Քահանայապետը գոհունակութեամբ ընդունեցաւ դատի յառաջացման լուրը, իր օրհնութիւնը տալով եւ բարի աշխատանք մաղթելով  դատի պաշտօնակատարներուն: Արցախի առնչութեամբ Գերպ․ Զէքիեան կանգ առաւ յատկապէս այս եւ նման ազգամիջեան հարցերու նկատմամբ իրաւական արդար լուծումի մը կարիքին, անտուն մնացած եւ ցրուած արցախցի ժողովուրդին օգնութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի հայ քրիստոնեայ յուշարձաններուն պահպանման հարցերուն վրայ։ Սրբազան Քահանայապետը իր խոր սրտակցութիւնը յայտնեց Հայ ժողովուրդին։ 

Կէս ժամ տեւող ունկնդրութեան աւարտին, Փրանկիսկոս Պապը իր մասնաւոր օրհնութիւնը շնորհեց Մխիթարեան Միաբանութեան, Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ հօտին, բովանդակ հայութեան եւ յատկապէս Արցախի վշտակիր ժողովուրդին։    

ԴԻՒԱՆ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ  

Իսթանպուլ, 16 Նոկեմբեր 2020

https://www.facebook.com/Vosgeperan1863/posts/1048110485696517

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın