İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Վլատմիր Փութին հեռախօսազրոյց ունեցած է Փաշինեանի եւ Ալիեւի հետ

ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռախօսազրոյցներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը։

Վլատիմիր Փութինի հերթական հեռախօսային հաղորդակցութեանց ընթացքին քննարկուած են 9 նոյեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ եռակողմ յայտարարութեան մէջ ամրագրուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործման գործնական կողմերը: Գոհունակութիւն յայտնուած է, որ հրադադարի ռեժիմը կը պահպանուի, իսկ շփման գիծին վրայ իրադրութիւնը բաւականին հանգիստ է:

«Իլհամ Ալիեւի հետ զրոյցին Վլատիմիր Փութին, մասնաւորապէս, ուշադրութիւն հրաւիրած է այն հանգամանքին վրայ, որ այն շրջաններուն մէջ, որոնք, եռակողմ յայտարարութեան համաձայն, կը վերադարձուին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան, կը գտնուին քրիստոնէական տաճարներ եւ վանքեր: Այս առումով ան կարեւորած է այդ սրբութիւններու պահպանութիւնն ու եկեղեցական բնականոն կենսագործունէութեան ապահովումը։ Ատրպէյճանի նախագահը այդ առումով ըմբռնում ցուցաբերած է եւ ըսած, որ ատրպէյճանական կողմը կը գործէ նման սկզբունքով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

http://arevelk.am/am/content/3/5011/Վլատմիր-Փութին-հեռախօսազրոյց-ունեցած–է–Փաշինեանի–եւ-Ալիեւի-հետ.html?fbclid=IwAR0QVj6L9dxKD6aTDUdx-in2_62Kr0raPVmLFtUV22Usx40YBzxkGNKiOmE

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın