İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայկական մանկապարտէզային քաղաքականութիւն

Րաֆֆի Տուտագլեան

Եկեք բառերով չխաղանք։

Իրականութիւնը ըսենք այնպէս, ինչպէս որ կայ։

Ադրբեջան, 9 տարի առաջ, մերժեց Կազանի մէջ կողմերուն հրամցուած համաձայնագիրը, ըստ որուն 5+2 շրջաններու դիմաց Արցախը պիտի ստանար ազատ կամարտայայտութեան իրաւունք։

Ադրբեջան յստակ կ՚ըսեր, այդ օրերուն ալ, ատկէ առաջ ալ, ատկէ վերջ ալ, թէ ինք չընդունիր Արցախի անկախութիւնը, եւ անոր կարգավիճակի յստակացումէն առաջ պէտք է վերադարձուին իրեն «պատկանող» 7 շրջանները։

Կազանէն ետք բանակցութիւնները գրեթէ սառեցան եւ 2016 Ապրիլին, Ադրբեջան փորձեց արագ յարձակումով ճեղքել Արցախի ռազմաճակատները, բայց չյաջողացաւ, կամ ունեցաւ սահմանափակ յաջողութիւն: Այդ օրերուն ռազմադաշտէն բացակայ էին Թուրքիայի ռազմական ուժերն ու ջիհատիսթները…

Դարձեալ բանակցութիւններ ու սեղանին վրայ դրուեցաւ Լավրովեան ծրագիրը, ըստ որուն հայկական կողմը Ադրբեջանին կը վերադարձնէ 5+2 շրջան եւ յետոյ կը քննուի, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ Արցախի կարգավիճակը։ 2016-ին հայկական կողմը մերժեց այս ծրագիրը, ըսելով, թէ առանց Արցախի կարգավիճակի յստակեցման, ոեւէ տարածք կարելի չէ վերադարձնել։

Ատկէ ետք ուրիշ ծրագիր չէ մշակուած, Արցախի խնդրի լուծման այլ ծրագիր չէ ներկայացուած կողմերուն։ Բայց Ադրբեջան շարունակեց յայտարարել, որ զէնքի ուժով պիտի «ազատագրէ» իր հողերը… Հայկական կողմի պատասխանն ալ այս էր՝ զէնքի ուժով Արցախի հարցը չի լուծուիր, քանի որ Հայաստանն ու Արցախը ի վիճակի են դիմադրելու եւ հակադարձելու ոեւէ յարձակման։

2016-ի ապրիլեան եւ 2020-ի յուլիսեան քառօրեայ կռիւներէն ետք, Ադրբեջանի համար արդէն յստակ էր, որ առանձինն ի վիճակի չէ յաղթանակ տանելու Հայաստանի եւ Արցախի դէմ։ Թուրքիոյ հետ տարիներ շարունակ ռազմական համագործակցութիւնը, միացեալ ռազմափորձերը, թրքական նոր զէնքերը, թրքական բանակի ուղղակի մասնակցութիւնը՝ պատերազմը յաղթելու միակ միջոցն էր Ադրբեջանի համար։

Եւ յստակ է, Հայաստան պարտուեցաւ հայ-թրքական այս պատերազմին։ Կրնա՞ր յաղթել։ Դժուար։ 

Իսկ ի՞նչ ըրին միջազգային հանրութիւնը, Մինսկի խումբի երկիրները, Հայաստանի դաշնակից Ռուսաստանը։ Անոնց հետախուզական ծառայութիւնները չէի՞ն տեսած, որ մեծ քանակութեամբ զինուորական շարժ կայ Ադրբեջանի մէջ։ Չէի՞ն տեսած, որ թրքական ռազմական ներկայութիւն եւ թրքական օդուժ կայ Ադրբեջանի։ Չէի՞ն տեսած ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքով տեղի ունեցած ռազմական ուժերու տեղաշարժերը։ Տեսած էին ու գիտէին։ Գիտէին բոլորը։

Ռուսաստանը ինչու՞ չկանխեց պատերազմը, երբ գիտեր թէ դէպի ուր կ՚երթան Ադրբեջանն ու Թուրքիան։ Հայաստանի իշխանութիւններուն պատժելու՞ համար չկանխեց թրքական յարձակումը: Իրա՞ւ։ Ուրեմն կարելի է ՆԱԹՕի երկիր մը բերել Անդրկովկաս, օսմանական ծաւալապաշտական նկրտումներ ունեցող Թուրքիան իր ջիհատիսթներով «բաց թողնել» տարածաշրջանին մէջ, փոքր երկրի մը չարաճճի ղեկավարին դա՞ս տալու համար: Այդքան պարզունա՞կ է Ռուսաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը։

Մանկապարտէզի մակարդակով քաղաքական մեկնաբանութիւններէ հրաժարինք եւ աւելի խորը դիտենք խնդիրները։ Հայաստանն ու Արցախը ընդամէնը ճատրակի քարեր են ռուսական աշխարհաքաղաքական խաղասեղանին վրայ։ Այդպէս էր անցեալին եւ այդպէս է այսօր։ Ահաւասիկ մտաւորական եւ հրապարակագիր Նազարէթ Պէրպէրեանի մեկնաբանութիւնը՝ «Լրագիր» կայքին տուած իր հարցազրոյցէն, որ ամբոխային տրամաբանութեամբ շարժողներուն քիչ մը մտածելու առիթ պէտք է տայ.

«Սա հայ-թուրքական պատերազմ էր Ռուսաստանի օրհնությամբ, իրենց միջև ներքին պայմանավորվածությամբ: Մենք արեցինք այն, ինչ կարող էինք: Ո՞վ է մեղավոր՝ Փաշինյանը, Քոչարյանը, Սերժ Սարգսյանը: Սերժ Սարգսյանը, որ իշխանությունն ինչ-որ ձևով փոխանցեց իր հաջորդին, այդ օրվանից գիտեր, որ այս օրը գալու է: Նա իր համար ավելի ապահով անկյուն գտավ»:

Եւ Ռուսաստան ի վերջոյ հասաւ իր նպատակին՝ «ԼՂԻՄ-ը ռուսական ազդեցության տակ ինքնավար դարձնելուն, որն իրեն հնարավորություն կտա Ադրբեջանի և Հայաստանի վրա իր ազդեցությունը բանեցնել՝ մեկ այս կողմ, մեկ մյուս կողմ թեքելով, մեկ մեկին զինելով, մեկ մյուսին զինելով: Այս խաղը Ռուսաստանն ուրիշ տեղեր էլ է խաղացել: Մեզ դրանով ճնշելու է, քանի որ սա մեր ճակատագրի հարցն է»:

Ռուսաստան ոչ միայն չկանխեց, այլ առիթ տուաւ, որ Ադրբեջանն ու Թուրքիան պատերազմի ճամբով պարտադրեն տարիներ առաջ իր մշակած եւ միջազգային օրհնութիւն ստացած Լավրովեան ծրագիրը։ Միաժամանակ, սակայն, Մոսկուան պատերազմը օգտագործեց իր շահերը լաւագոյնս սպասարկելուն՝ ռուսական զօրքերու տեղադրումով Արցախի եւ միաժամանակ Ադրբեջանի յանձնուած տարածքներու մէջ։

Ռուսաստան տիրանալով նախկին ԼՂԻՄԻն, Հայաստան-Արցախ հաղորդակցութեան ճանապարհներուն, Եւ հակակշիռ հաստատելով Նախիջեւան-Ադրբեջան Մեղրիով անցնող ճանապարհի վրայ, կարողացաւ մէկ քարով մի քանի թռչուն զառնել՝

1. Ամբողջականօրէն իրեն ենթարկեց ինքնիշխանութեան ձգտումներ ցուցաբերող Հայաստանն ու Արցախը։

2. ԼՂԻՄի մէջ եւ շուրջ զինուորական ներկայութեամբ եւ Արցախի տագնապի մէջ գերակայ դեռ ստանձնելով, նոր լծակներ ձեռք բերաւ տարածաշրջանին մէջ, Ադրբեջանի դէմ գործածելու կամ անոր իր հակակշռին տակ պահելու համար։

3. Յաջողեցաւ սահմանափակել Թուրքիոյ կովկասեան եւ տարածաշրջանային ծաւալապաշտական փառասիրութիւնները, որոնք արդէն Ռուսաստանի շահերուն համար գլխացաւանք դարձած էին Միջերկրականի մէջ՝ Սուրիայէն մինչեւ Լիպիա եւ հիմա՝ Անդրկովկաս։

4. Եւ վերջապէս բայց ոչ վերջինը, խաղէն ժամանակաւորապէս դուրս մղեց արեւմուտքը, եւ իր դիրքերը ամրացուց այնպիսի տարածաշրջանի մը մէջ, ուր իրար կը հանդիպին կամ կը բախին չինական եւ արեւմտեան առեւտրատնտեսական-քաղաքական բազմաշերտ շահեր եւ մրցակցութիւններ։

Ցաւոք, այսպիսի մեծ խաղերու մէջ, հայկական քաղաքական միտքը, ու դեռ՝ քաղաքական ուժերու միջեւ ծաւալած բանավէճը մանկապարտէզային, եւ նոյնիսկ՝ փողոցային լեզուակռիւի մակարդակէն անդին չանցնիր, նոյնիսկ երբ այս պայմաններուն տակ վտանգուած է հայաշխարհի այս վերջին բեկորին ինքնուրոյն գոյութիւնը։ Հայ քաղաքական միտքն ու քաղաքական պայքարը երբեք այսքան մերկ եւ այսքան խղճուկ, այսքան դատարկ չեն եղած։

Հիմա, ամէն ժամանակէ աւելի, կարիքը կը զգացուի հայ քաղաքական-դիւանագիտական պայծառ միտքի գոյառումին ու գործունէութեան։

Եւ ցաւոք, ոչ փողոցը ողողած ընդդիմադիրներու, ոչ ալ իշխանական գրասենեակներու մէջ, քաղաքական-դիւանագիտական պայծառամտութիւն կ՚երեւի։

Ողբալի է, բայց յոյսով ենք՝ ոչ երկար ժամանակի համար։

https://www.civilnet.am/news/2020/11/14/Հայկական-մանկապարտէզային-քաղաքականութիւն/408178

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın