İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Արցախի Մէջ Զոհուած Բերդապահ Եւ Բեմադրիչ Գագիկ Աբրահամեանի Մայր. «Երանի Անոր Եւ Միւս Նահատակներուն, Որոնք Չեն Տեսներ` Ինչ Կը Կատարուի»

«Իմ որդիս յաղթած է եւ յաղթանակած գացած, հերոսաբար կռուած է եւ կեանքը նուիրած հայրենիքի պաշտպանութեան: Երանի անոր ու միւս նահատակներուն, որոնք չեն տեսներ` ինչ կը կատարուի: Անոնք բոլորը յաղթած են:

Այս մասին ըսաւ արցախեան պատերազմին մէջ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած ֆութպոլիստ, բեմադրիչ Գագիկ Աբրահամեանի մայրը` Ռիտա Դաւթեան:

Արցախեան պատերազմին մէջ նահատակուած 19-ամեայ Գագիկ Աբրահամեան Երեւանէն էր, Փիւնիկ ֆութպոլի ակումբի բերդապահ, Երեւանի թիւ 1 պետական քոլեճի բեմադրութեան բաժանմունքի շրջանաւարտ էր: Ուսման եւ մարզումներուն զուգահեռ աշխատած է իբրեւ խոհարար:

Գագիկ Աբրահամեանի մայրը` Ռիտա Դաւթեան կը նշէ, որ իր տղան ընտրած երկու ուղղութիւններուն մէջ ալ յաջողութիւններ ունեցած է եւ զինուորական պարտադիր ծառայութիւնը աւարտելէ ետք երկու ճիւղերուն մէջ ալ մասնագիտանալու նպատակ ունէր:


http://www.aztagdaily.com/archives/489368

Yorumlar kapatıldı.