İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԱՐԻ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՓՐՈՖԷՍԷՕՐԻ ԿՈՉՄԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱԾ

Կը տեղեկանանք, որ մեր երաժշտական աշխարհի յայտնի անուններէն Մարի Պարսամեան վերջերս փրոֆէսէօրի կոչում նուաճած է։ «Մարմարա» համալսարանէ ներս, գեղարուեստի կրթութեան բաժնի երաժշտական ուսուցման մասնաճիւղի բազմամեայ դասախօսներէն էր Մարի Պարսամեան, որ ունէր տոցենթի աստիճան։ Գիտական բնոյթով երաժշտական ուսումնասիրութիւններով եւ իր ծաւալած բազմակողմանի գործունէութիւնով ան զանազան համալսարաններու գիտնականներէն բաղկացեալ դատակազմի մը ներկայացաւ եւ միաձայնութեամբ փրոֆէսէօրի կոչման արժանի դասուեցաւ։ Դաշնակի եւ նուագակցութեան բնագաւառի երկարամեայ ուսուցչուհի Մարի Պարսամեան վերջին տարիներուն կեդրոնացած է նաեւ երաժշտական ներդաշնակութեան եւ ստեղծագործութիւններու վերլուծումի աշխատանքին վրայ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք փրոֆ. Մարի Պարսամեանը, որուն կը մաղթենք նոր նուաճումներ եւ յարատեւութիւն։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/3-11-2020-մարի-պարսամեան-փրոֆէսէօրի-կոչման-արժանացած?fbclid=IwAR1xn_17AY_32LPX1lVLfKoP8m2tCAY8Svq_2zOeTXkngzG6MPpd_WbtN_M

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın