İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ

Ինչպէս ծանօթ է, 14 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար եւ 26 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12311 համար զեկոյցներով, մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր Քորոնաժահրի մասին զգուշացումներ։  

Նկատի ունենալով վերջին օրերու երկրին մէջ տեղի ունեցած համավարակի լուրջ ու մտահոգիչ զարգացումները, նաեւ մեր համայնքին մէջ պատահած վարակումներու քանակի բարձրացումը եւ միայն Հոկտեմբեր ամսուան մէջ պատահած 19 հաւատացեալներու մահերը, կու գանք մերազն հաւատացելոց ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ ի սէր իրենց եւ ընդհանուրի առողջութեան եւ որպէսզի դուռ չբացուի աւելի մեծ կորուստներու, բծախնդրութեամբ պէտք է կիրարկեն բոլոր այն թելադրութիւնները, որոնք կատարուեցան նախապէս։ 

Այլ պարագային, ցաւ ի սիրտ կարիքը պիտի զգացուի սահմանափակիչ նոր տնօրինումներու։ 

30 Հոկտեմբեր 2020

12314

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın