İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ – Ես Ղարաբաղ պիտի երթամ

-Պարոն, ես Ղարաբաղ պիտի երթամ, ո՞ւր պէտք է դիմեմ:

Հարցնողը փայլուն աչքերով, անհանգիստ շարժումներով,16ամեայ 10-րդ դասարանցի հալէպահայ մըն էր:

Այդ տղան չգնաց Ղարաբաղ, չարտօնեցին երթալ՝ անչափահաս է տակաւին:

Իսկ չափահաս տղաք գացի՞ն:

Ես իրաւասու չեմ այս հարցումին պատասխանելու եւ ըսելու, որ կը ճանչնամ հալէպահայ տղաք, որոնք Արցախ հասած են հիմա, սակայն կրնամ վստահօրէն ըսել որ քիչ չէ թիւը երթալ ուզողներուն՝ Արցախը զէնքով պաշտպանել ուզողներրուն:

Հալէպահայերն ալ, ինչպէս բոլոր գաղութները, Սեպտեմբեր 27-էն ետք անքուն գիշերներ կ’անցընեն, ժամերով առքերնին չեն կտրեր հեռատեսիլէն,  երեւանաբնակ իրենց ազգականներէն կ’ուզեն մանրամասնութիւններ իմանալ, կ’ոգեւորուին իւրաքանչիւր զինուորի հերոսութեամբ, կը ցաւին իւրաքանչիւր զոհուածի հետ, լաւ կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ ըսել է  Ստեփանակերտի հրթիռակոծում, չէ՞ որ Հալէպն ալ տարիներ շարունակ ռմբակոծուած է եւ մարդիկ ապաստարաններու մէջ մնացած են: Հալէպահայերը անվերապահօրէն կը զօրակցին Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախին:

Ի՞նչ ըսել է զօրակցիլ: Մենք Արցախեան լոզունգներով շապիկներ կը հագնինք, ֆէյսպուքեան մեր էջերը կը վխտան «Հ(յ)աղթելու ենք»ներով, ոմանք արաբերէն գրառումներ կ’ընեն՝ իրենց արաբ բարեկամներուն իրականութիւնները տեղեկացնելու, զօրակցական հաւաքներ կը կազմակերպենք, մէկը մարդաշատ, մէկը աւելի քիչ թիւով: կ’աղօթենք մեր յաղթանակին համար, երեք համայնքապետերու եւ բոլոր միութիւններու մասնակցութեամբ հոգեհանգիստներ կ’ընենք, միացեալ հաղորդագրութիւններ կը հրապարակենք դատապարտելով նախայարձակ Ատրպէյճանն ու ցեղասպան Թուրքիան, պետական պատասխանատուներու, Հալէպի, քրիստոնեայ եւ իսլամ կրօնականներու մասնակցութեամբ բողոքի ցոյց ալ կը կազմակերպենք, զօրակցական հաւաքներ տեղի կ’ունենան նոյնիսկ Գամիշլիի մէջ, դպրոցներու եւ ակումբներու մէջ ազգասիրական երգեր կ’երգենք…

Այս ամէնը ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ է, իսկ մեզմէ պահանջուածը ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ է. մեզմէ պահանջուածը իրա՛ւ մասնակցութիւնն է Արցախի պաշտպանութեան, կատարուածը իրապէս մեր մորթին վրայ զգալը, Հայաստանցիին եւ Արցախցիին հետ ցաւիլը բառիս բուն իմաստով, զգալն ու գիտակցիլը, թէ ի՞նչ ըսել է զաւակ զոհ տալ, ի՞նչ ըսել է հազար երիտասարդ կորսնցնել, կը հասկնա՞ք, հազա՛րէ աւելի երիտասարդ, որոնցմէ կէսէն աւելի 2000-2001 եւ նոյնիսկ 2002ի ծնունդ, որոնք դեռ երէկ ի՛նչ երազներ ունէին, որոնց կորուստը պիտի խախտէ ամբողջ սերունդի մը արական-իգական սեռերու հաւասարակշռութիւնը… եւ դեռ պատերազմը կը շարունակուի, եւ դեռ պատերազմը մեզմէ՝ ՄԵԶՄԷ զոհեր կը պահանջէ:

Այո՛, այս պատերազմը հայրենական է համահայկական, եւ ցաւալին այն է, որ «ամէն հայ պարտաւոր է մասնակցիլ այս պատերազմին» լոզունգը արդէն իսկ սկսած է վերածուիլ անիմաստ նշանաբանի, մենք՝ հալէպահայերս (ամբողջ սփիւռքն ալ)  կը զօրակցինք, սակայն չենք մասնակցիր մեր հայրենական պատերազմին, մինչ մենք մօտիկէն հետաքրքրուելով հանդերձ, իրականութեան մէջ կը շարունակենք մեր սովորական առօրեայով ապրիլ:

Երբ որդեկորոյս ցաւատանջ մօր մը նկարը տեղադրուի ֆէյսպուքի մէջ, վայնասունը կը բարձրանայ.

-Այսպիսի նկարներ մի՛ դնէք, կը յուսալքուինք…

Կը հեռաձայնեն ըսելու.- Ուրիշ նկար չգտա՞ր դնելու…

Իսկ ի՞նչ կ’ընենք մենք՝ այս սուրբ նկարներէն յուսալքուողներս՝յոյս տալու մեռնողներուն …

Պատերազմին կամաւորապէս մասնակից հայաստանաբնակ նախկին սուրիահայ մը խոր ցաւով ու ցասումով կ’ըսէ, թէ սփիւռքէն միայն 300 կամաւորներ կը մասնակցին մեր ընդհանուր պատերազմին…

Ամէն օր դրամահաւաքի կոչեր կ’ըլլան, հեռատեսիլէն … Սիվիլնէթի տնօրէն «խեղճ»  Աբօ Պողիկեանը ղրուշ-ղրուշ կը հաշուէ հաւաքուող գումարը, յուսալով որ մէկ միլիառի պիտի կարենանք հասցնել….-Ինչո՞ւ չէ,-լաւատեսօրէն կը հարցնէ ան:

Ինչու չէ՞: Որովհետեւ կը զլանանք մենք մեզ նեղութեան մատնել: Երբ այս պատերազմը սկսաւ , Սուրիոյ մէջ դեռ մենք սուփէրմարքէթ կ’երթայինք «Հայաստան» հիմնադրամի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ տրամադրուած կտրոններով գնումներով կատարելու, հայ ուսուցիչին տրամադրուած 50 տոլարները կը մանրէինք, Գորոնա վիրուսէն բուժուելու ծախսերը կը հոգայինք:

Մոռցա՞նք:

-Մեր հաւաքածը ի՞նչ պիտի ըլլայ, մե՛նք աղքատ ենք, մեր դրամը արժեզրկուած է,-ըսինք:

Յետոյ, քիչ-քիչ, վախուորած կերպով հոս-հոն, այս կամ այն կազմակերպութիւնը ձեռնարկեց դրամահաւաք, Դամասկոսի հայութիւնը այդպէս չմտածեց եւ բոլորով միասին, ղեկավարութեամբ Թեմի առաջնորդին նախաձեռնեց եւ զգալի գումար մը յաջողեցաւ հաւաքել:

Այո՛, մենք աղքատ ենք, մենք դրամ չունինք, բայց չե՞նք կրնար մեր ստացած նպաստէն փոքրիկ մաս մը տրամադրել հայրենիքին, հայ ուսուցիչը չի՞ կրնար օրինակ դառնալ եւ իր աշխատավարձի մէկ մասէն հրաժարիլ՝ տալու հայրենիքին, ա՛յն հայրենիքին, որուն համար զոհուելու դասեր կու տայ ամէն օր իր աշակերտներուն:        

Բարեբախտաբար քանի մը դպրոցներ կը կազմակերպեն դրամահաւաք, որուն ընթացքին հայ մանուկին կը ծանօթացնեն Արցախը, կը պատմեն այս ըլլալ-չըլլալու պատերազմին մասին:

Այո՛, մենք կարիքի մէջ ենք, այո՛, մենք օգնութեան պէտք ունինք, բայց մերը ուտել-չուտելու հարց է, հագուստ-կապուստի հարց է… վնաս չունի եթէ օր մըն ալ անօթի մնանք, մեր ունեցած հագուստներով բաւարարուինք եւ .. եւ մեր 12-15 տարեկան զաւակներուն 5-6 հարիւր հազարնոց բջիջային հեռախօսի փոխարէն քիչ մը աւելի աժաննոցը գնենք: Մեր հաւաքելիք դրամները որքան ալ քիչ ըլլան, օգուտ պիտի տան, մանաւանդ երբ մեր ղեկավարները հաւաքուած գումարը բազմապատկելու միջոցը գտնեն եւ դրամը փոխանցելու փոխարէն, Հայաստանի հետ համաձայնաբար անհրաժեշտ պիտոյքներ  (օրինակ զինուորական համազգեստի կերպաս ) ղրկեն, վստահ եմ, եթէ ոչ ձրի, ապա աժան փոխադրական միջոց պիտի գտնուի: Ամէն պարագայի մեր լուման պիտի սատարէ այս անիծեալ պատերազմէն մեր յաղթական դուրս ելլելուն:

Հաւատացէ՛ք, որքան որ Հայաստան-Արցախին պէտք է մեր դրամը, այնքան ալ մեզի պէտք է: Պիտի չամչնա՞նք (ես պիտի չամչնա՞մ) վաղը (նաեւ այսօր) երբ մեզի (ինծի) ո՛չ թէ Հայաստանցին կամ Արցախցին հարցնեն, ո՛չ թէ զաւակս կամ թոռնիկս հարցնէ, այլ եթէ օտար մը հարցնէ .-դուն ի՞նչ ըրիր պաերազմի այդ (այս) օրերուն հայրենիքիդ համար:

Մեր խիղճը հանգիստ չէ՛, չի՛ կրնար հանգիստ ըլլալ մեր ըրածով, որովհետեւ կենաց մահու կռիւ կը մղէ մեր հայրենիքը, մեր ժողովուրդը: Իսկ հայրենիքը բոլորինս է, մենք նոյն ժողովուրդն ենք: Հայրենիքը միայն թուրիսթական գեղեցիկ երկիր չէ՛: Հայրենիքը այն երկիրը չէ՛ ուր կրնաս երթալ երբ այլ երկիր չկայ քեզ ընդունող: 
Հիմա Հալէպահայերու խօսակցութեան ընթացքին յաճախ կը լսենք.

-Հայաստան մը կար,ուր կրնայինք երթալ, այդ ալ վերջացաւ:

Ինչպէ՞ս թէ վերջացաւ: Ամէն ինչ հիմա կը սկսի: Հիմա, հիմա՛ է Հայաստան երթալու ժամանակը: 

Մանուէլ Քէշիշեան

29 Հոկտեմբեր 2020

https://www.civilnet.am/news/2020/10/29/Հալէպ-Ես-Ղարաբաղ-պիտի-երթամ/404809

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın