İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Պէյրութ.Լիբանանահայ երիտասարդներ հրկիզեցին Թուրքիոյ դրօշը (Տեսանիւթ)

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամ մեծ թիւով լիբանանահայ երիտասարդներ բողոքի ցոյց մը կատարած են Ռապիյէի շրջանին մէջ գտնուող Թուրքիոյ դեսպանատան դիմաց։

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութէն։Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ, երիտասրդները Թուրքիայէն եւ Ատրպէյճանէն պահանջած է արագօրէն դադրեցնել կրակը եւ առիթ տալ մարդասիրական հրադադարին։ 

Երիտասարդները  միջազգային հանրութենէն պահանջած  են ճանչնալ  Արցախի   անկախութիւնը, երգելով     ազգային երգեր եւ   բացագանչելով ՝«Յաղթելու ենք»։

 Ապահովական մարմիններ, փորձած են ետ մղել, դեսպանատան դարպասին մօտենալ փորձող երիտասարդները, որոնք հաւաքի աւարտին ալ որպէս բողոքի նշած հրկիզած են Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի դրօշները։

https://youtu.be/3xNv5cewnLU

http://www.arevelk.am/am/content/2/5388/Պէյրութ.Լիբանանահայ-երիտասարդներ-հրկիզեցին-Թուրքիոյ-դրօշը-(Տեսանիւթ).html?fbclid=IwAR1TozuqgJYw03AXMuckFw7AU72PINldNi87d3tpBdiQRw4i1mG5SbyR0yg

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın