İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ՆՈՐ ՏՆՕՐԻՆՈՒԹԵԱՆՑ «ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԱՌԹԻՒ

Ինչպէս ծանօթ է, 14 Հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար զեկոյցով մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեանց ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն մասին զգուշացումներ։ Նոյն առթիւ յայտարարուած էր, թէ Աթոռանիստ Մայր Տաճարը ցնոր տնօրինութիւն փակ կը մնար Կիրակնօրեայ պաշտամունքի եւ կը կատարուէին միայն Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութիւններ ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններ։  

Նկատի ունենալով վերջին օրերու համավարակի զարգացումները, եղած են հետեւեալ տնօրինումները՝

1. Ն. Ա. Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը ցնոր տնօրինութիւն պիտի չընդունի այցելուներ եւ Պատրիարքարանի մէջ պիտի չկայանան ժողովներ։

2. Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան Խորհրդակատարութեանց ու Յուղարկաւորութեանց արարողութիւններու պարագային, հնազանդ մնալու պայմանաւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւններուն՝ առողջապահական դնչակապի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան ու հականեխիչներու գործածութեան, խստիւ կը թելադրուի կատարել զանոնք առաջին աստիճանի ազգականներու եւ ընտանեկան պարագաներու մասնակցութեամբ միայն։ 

3. Աթոռանիստ Մայր Տաճարը վերոյիշեալ պայմաններով 1 Նոյեմբեր 2020, Կիրակի կը վերաբացուի Կիրակնօրեայ պաշտամունքի։

Կու գանք մերազն հաւատացելոց ազնիւ ուշադրութեան յանձնել, թէ ի սէր իրենց եւ ընդհանուրի առողջութեան բծախնդրութեամբ կիրարկեն վերոյիշեալ թելադրութիւնները, որպէսզի կարիքը չգոյանայ նոր տնօրինումներու։ 

26 Հոկտեմբեր 2020

12311

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

Աղբիւր։ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔՈՅ https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/ 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın