İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՆԳԻՍՏ ՀՈԳԵՇՆՈՐՀ Տ. ՀԱՅՐԻԿ ՎՐԴ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆԻ ՄԻԱԲԱՆԻ ՈՒԽՏԻՆ ՍՐԲՈՑ ՅԱԿՈԲԵԱՆՑ (1945-2020)

Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւնը եւ Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեան Պատրիարք Սրբազան Հայրը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը Ս. Աթոռոյս միաբաններէն Հոգշ. Տ. Հայրիկ Վրդ. Գալայճեանի, որ տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 10 Հոկտեմբեր, 2020-ին, Augusta Victoria հիւանդանոցին մէջ:

Լուսահոգի Տ. Հայրիկ Վրդ. Գալայճեան ծնած էր Երուսաղէմ՝ 1945-ին: Նախնական կրթութիւնը ստացած էր Սբ. Թարգմանչաց վարժարանին մէջ, որուն նախակրթարանի ընթացքը աւարտած էր 1959-ին: Ապա հետեւած էր արհեստի: 

Կրօնաւորելու փափաքով 1977-ին դիմած էր վանական իշխանութեան եւ ձեռնադրուած էր Սարկաւագ:

1978-ին օրուան Լուսարարապետ՝ Տ. Հայրիկ Արք. Ասլանեանի ձեռամբ ձեռնարդուած էր կուսակրօն աբեղայ, որ իր անունով ընծայեալը վերակոչած էր Տ. Հայրիկ Աբեղայ:

Իր 40 եւ աւելի տարիներու ծառայութեան ընթացքին լուսահոգի Հայր Սուրբը եղած էր Աւագ Թարգման, Տեսուչ՝ Ս. Փրկչայ Վանքի: Կրցած էր յաջողցնել բազմաթիւ շինարարական աշխատանքներ՝ նորոգել տուած էր Հայոց գերեզմանատունը, շինել տուած էր վարդապետաց գերեզմանատունը եւ հանգստեան քարը: Երկար տարիներ Տեսուչն էր Ս. Աստուածամօր Տաճարի:

ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 12 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2020-ին, Երեկոյեան ժամը 4-ին Սրբոց Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ պիտի կատարուի հանգուցեալ Հայր Սուրբի Տան Կարգը, իսկ 

ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 13 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ, 2020-ին, առաւօտեան ժամը 8-ին  Ս. Յակոբեանց Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որու ընթացքին պիտի կատարուի Հայր Սուրբի Վերջին Օծումը, ապա մարմինը պիտի ամփոփուի Ս. Փրկչի միաբանական գերեզմանատան մէջ: 

«Յիշեսցէ Տէր զհոգի ծառային Իւրոյ եւ հանգուսցէ զնա ի լոյս երեսաց Աստուածութեան Իւրոյ. ամէն»:

https://www.facebook.com/StJamesBrotherhood/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın