İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կարեւորութեամբ կը ծանուցենք, որ ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ը դրամական նպաստ պիտի տրամադրէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժած Պուրճ Համուտ բնակող կարիքաւորներուն: 

Ուստի, հաճեցէք նկատի ունենալ, որ մէկ անգամուան համար, 840,000 լիբ․ ոսկի պիտի տրամադրուի 0-18 տարիքի մէջ գտնուող անհատներու, յղի կիներու, 70 տարեկան եւ աւելի մեծերու, այրի կիներու, 18 տարեկանէն վեր հաշմանդամներու։ Իւրաքանչիւր ընտանիքէ առաւելագոյնը երեք անդամներ կրնան օգտուիլ նպաստէն։

Նկատի ունենալով, որ պարագաները պիտի ընտրուին կարիքի համաձայն եւ սահմանափակ թիւով, կը թելադրենք, որ մեր կարիքաւոր հայրենակիցները պատրաստեն իրենց թղթածրարները, որ պէտք է պարունակէ անձնաթուղթի լուսապատճէն, բնակավայրի (թաղապետէ) հաստատագիր, կալուածագիր կամ վարձակալութեան համաձայնագիր եւ ընտանեկան «իխրաժ քայտ»։ Հաշմանդամները պէտք է նաեւ ներկայացնեն իրենց առողջական վիճակը ճշդող բժշկական հաստատագիրը։

Դիմունագիրները կը ներկայացուին Ազգային Միացեալ Վարժարան, Երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերէն մինչեւ Ուրբաթ, 16 հոկտեմբեր 2020, առաւօտեան ժամը 9։00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3։00։ Կարելի է նաեւ դիմումնագրերը առցանց ներկայացնել՝ հետեւելով http://bit.ly/unicef-ect կայքէջի ցուցմունքներուն:

Հաճեցէք նկատի ունենալ, որ դիմումնագիր ներկայացնելը անպայմանօրէն չի նշանակեր օժանդակութիւն ստանալ: ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ը իր կողմէ ղրկուած SMS-ով ընդունուած պարագաներուն հետ կապ պիտի պահէ եւ սեփական ընկերութեան մը միջոցաւ դրմական օժանդակութիւնները կը փոխանցէ։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնաք հեռաձայնել 04-727300 թիւին եւ կամ հետեւիլ www.unicef.org/lebanon/unicef-ect կայքէջի տեղեկութիւններուն:

Պուրճ Համուտի շրջանէն ներս, ԵՈՒՆԻՍԷՖ-ի աշխատանքներուն կ՛օժանդակէ նաեւ Ազգային Առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքը, ծրագրին համար տրամադրելով հաւաքատեղի եւ շրջանի բնակիչներուն մօտ կատարելով անհրաժեշտ տեղեկատութիւններ փոխանցելու աշխատանք։

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ

https://www.facebook.com/armprelacylb/photos/a.377088545792919/1641041749397586/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın