İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Քեսապի ամենածանր օրերուն ան մնաց պատնէշի վրայ. Պէյրութ մէջ մահացած է Պատուելի Սեւակ Թրաշեանը

Կարճատեւ անհանգստութեան պատճառաւ իր մահկանացուն կնքած է  Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ երիտասարդ հովիւներէն ՝ Պատուելի Սեւակ Թրաշեան։

 Այս մասին «Արեւելք»ին տեղեկացուցին Պէյրութէն։

 Հանգուցեալ Պատուելին ծնած էր Պէյրութ 1978ին, եւ ծառայած է որպէս Քեսապի եւ շրջանի Հայ Աւետ. Եկեղեցիներու հովիւը 2006-2014 թուականներուն։ Վերջին շրջանին ան հովիւն էր Պէյրութի Նոր Ամանոս շրջանի Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ Եկեղեցւոյ։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Պատուելի Սեւակ Թրաշեան ապրած եւ ականատես եղած է հայկական Քեսապի գրաւման ու իր հօտին հետ մէկտեղ ապրած է այդ օրերու մեծ ոդիսականն ու դժուարութիւնները։

 Կը ցաւակցինք Պատուելիի ընտանեկան պարագաներուն, ինչպէս նաեւ Հայ Աւետարանական համայնքի մեծ ընտանիքին։

http://arevelk.am/am/content/8/13268/Քեսապի-ամենածանր-օրերուն–ան-մնաց-պատնէշի-վրայ.-Պէյրութ–մէջ–մահացած-է-Պատուելի-Սեւակ-Թրաշեանը.html?fbclid=IwAR3FOraXdBnIiJskty7iMz1Rr0En62fXBWVCgjnIHAqheLL02xT_dYxoIhM

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın