İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԸ ԻՐ ԱՒԱՐՏԻՆ ՀԱՍԱՒ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻՆ ՄԷՋ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյս մէջ 4 Հոկտեմբեր 2020, Կիրակի, կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց եւքարոզեց՝ Ս. Եկեղեցւոյս Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան։ Սա ամրան շրջանի վերջին Ս. Պատարագն էր, որուն մասնակցեցան Բրշ. Եղիա Սրկ. Չալըշըրեան, Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեան, Բրշ. Արթուն Սրկ. Թէքիրօղլու, Բրկ. Մուրատ Ուր. Դպ. Խաչիկօղլու, Բրկ. Արեգ Ուր. Դպ. Թաշճեան, ինչպէս նաեւ ընկերային հեռաւորութեան կանոններունհնազանդ հաւատացեալներ։

Ս. Պատարագի աւարտին, Պատարագիչ Հայր Սուրբը քարոզեց «ի՞նչ իշխանութեամբ կ՚ընես դուն այդբաները» (Մարկոս 11.28) բնաբանով ու ներկայացուց Քրիստոսի ունեցած Աստուածային իշխանութիւնը։Հայր Սուրբը, առաջին հերթին յիշեցուց թէ՝ Քրիստոսի հրաշքները արդէն իսկ բաստերը կը հանդիսանայինայս անուրանալի ճշմարտութեան։ Իր հրաշագործութիւններուն ընդհանրապէս ականատեսները կըհանդիսանային թէ՛ աշակերտները եւ թէ՛ իր ընդդիմադիրները եղող քահանայապետներու եւ օրէնքիուսուցչաց խումբը։ Երկու տարբեր խումբեր նոյն դէպքը տեսնելով հանդերձ, անոնցմէ մին կը զգարհրաշքին մէջ թագնուած Աստուածային իշխանութիւնը եւ առ հասարակ դաւանողը կը դառնար Քրիստոսիվարդապետութեան, իսկ միւս խումբը՝ ականատեսը դառնալով հանդերձ հրաշքի զօրութեան, միշտՔրիստոսը ժողովուրդէն հեռացնելու մասին կը մտածէր, քանի ան ալ կ՚ուղղուէր այն զօրութեամբ, որզՔրիստոս որպէս Աստուածորդի չէր ընկալած։ Հայր Սուրբը շեշտեց որ, հաւատացեալ ըլլալու առաջինքայլերէն մին է չհարցաքննել Քրիստոսի իշխանութեան անսահման զօրութիւնը։ Հաւատացեալներըհրաւիրեց դաւանողը դառնալու Մարմնացեալ Փրկչին օգտագործելով հետեւեալ բանաձեւը. «Գիտեմ թէ ինչիշխանութեամբ կ՚ընես դուն այդ բաները Ո՜վ Տէր եւ ընդմիշտ կը դաւանիմ Աստուածային զօրութեան տէրՅիսուս Փրկիչը իր հարագործ ներկայութեամբ»։

Իր խօսքերու աւարտին, Հայր Սուբրը, յայտնեց թէ ամրան շրջանին վերջին Ս. Պատարագը կը մատուցուէր Գնալը Կղզիի մէջ։ Հակառակ անոր որ Քորոնա Համավարակը սահմանափակած էր բազումգործունէութիւնները, Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագները եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները կանոնաւոր ձեւով կատարուած էին նախ՝ Աստուծոյ ողորմութեամբ, եւ ապա՝ Թաղային Խորհուրդի, Ներսէսեան ԴպրացԴասու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին միասնական գործակցութեամբ։ Այս առիթով օրհնեց բոլոր սպասաւորները, որոնք իրնեց ներդրումը բերած էին ամրան շրջանին։

Իսկ, յետոյ Բրշ. Ռոպէր Սրկ. Քիւչիւքաքպուլութեան, տեղական լեզուով համառօտեց օրուայ պատգամը։

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın