İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, 28 Սեպտեմբեր 2020, Երկուշաբթի, ժամը 19.30-ին, Պատրիարքարանի մէջ, Աթոռոյս Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ ժողով մը։

Ժողովի բացման աղօթքը արտասանեց Պատրիարք Հայրը եւ ապա ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց։ Մեր Հոգեւոր Պետը յայտնեց թէ օժանդակութեան կոչերը անպաստխան չէին մնացած եւ օժանդակութեան աշխատութիւնները արդարօրէն ժողովուրդի ու բարերաներու համակրանքին արժանացած էին։ Այս վերջինը իրականացած էր, քանի աշխատութիւնները թափանցիկ ձեւով եւ քննութեան բաց դրութեամբ կազմակերպուած էին։ 

Նորին Ամենապատուութիւնը մաղթեց որ արտաքոյ յանձնախումբի գործող անձեր եւ հաստատութիւններ եւս համախմբուին մէկ հովանիին ներքեւ ու այդպէս շարունակեն իրենց աշխատութեանց։ Այսպիսով աւելի ծաւալուն եւ զօրաւոր աշխատութիւնները, միասնականութեան եւ գործակցութեան ոգիով պիտի կատարուէին։

Հանդիպման ընթացքին, Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլ մանրամասն զեկուցումով մը հանդէս եկաւ ու սննդեղէնի, առողջապատական, դաստիարակչական, իրաւաբանական նիւթերու շուրջ տարուած գործունէութեանց եւ այս ուղղութեամբ ծառայութեան պատրաստ ենթայանձնախումբերու մասին տեղեկութիւն տուաւ։ Այս առիթով ղեկավարները եւ յանձնախումբի սիրայօժարները ծանօթացուց։   

Զեկուցումէն յետոյ, ներկաներ խօսք առնելով օժանդակութեան աշխատութեանց ընթացքին իրենց ձեռք բերած փորձառութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Պատրիարք Հայրը, սիրայօժարները մեծապէս գնահատեց եւ շնորհաւորեց բոլորը ըսելով. «Բարութեան համար սիրով գործի լծուածներ, թէ՛ այս աշխարհի եւ թէ՛ յաւիտենականութեան մէջ պիտի ստանան իրնենց վարձքը»։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/photos/a.127587797401112/1648892218603988/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın