İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԵԿԷՔ, ՄԻԱՆԱՆՔ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ԱՂՕԹՔԻՆ

Ո՜վ Տէր, Բեթղեհէմի հաւատքին բացուող առաջին ժողովուրդը եղանք։

​Դարե՜ր շարունակ պատմութեան խաւարին ու չարին դէմ ամուր պահեցինք մեր հաւատքը՝ կենդանի ուարեան նահատակութեամբ։

​Այսօր նոյն հաւատքով արիացած մեր զինուորները քաջօրէն կը պաշտպանեն քրիստոնէական հաւատքիու արժէքներուն փարոսը դարձած Հայաստանը ու Արցախը եւ նոյն հաւատքին ու արժէքներուն ջահակիրըդարձած հայ ժողովուրդը։

​Ո՜վ Տէր, եղիր պահապան մեր զինուորներուն։ Երկնային հովանիին ներքեւ չարէ ու չարիքէ հեռու պահէՀայաստանն ու Արցախը։ Բժշկութիւն շնորհէ վիրաւորներուն եւ լուսաւորէ հոգիները մեր նահատակներուն։Ամէն։

Սեպտեմբեր 28, 2020

Արամ Ա. Կաթողիկոս

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/photos/a.629905120364725/3534297766592098

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın