İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՕԺՏՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐ ԳՈՅՔԵՐՈՎ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 24 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը՝ 11.00ին  Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարի Մատլէն Պալեանը, ընկերակցութեամբ՝ Տքթ. Արմենակ Մեծատուրեանի եւ Ազնիւ Մեծատուրեանի։ Հանդիպման ներկայ էր նաև Աթոռոյս Դիւանապետ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Պալեան Ընտանիքի շառաւիղէն մերօրեայ ժամանակներուն հասած է՝ Մարի Մատլէն Պալեան եւ թոռն է՝ Սարգիս Պալեանի։ Ինք, փափաք յայտնած էր իր մեծ հօր շքանշանները եւ դիմանկարը յանձնել Պատրիարքական Աթոռոյս Յովհաննէս Կոլոտ Պատրիարքի անուան Թանգարանին։ Յարգելի հիւրը, առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ իր խնդրաքին ընդառաջելով զինք կ՚ընդունէր Պատրիարքարանի մէջ։ Զրոյցի տեւողութեան ընթացքին բաժնեց ընտանեկան յուշեր, որոնք պատմական նշանակութիւն ունէին։ Ինք յայտնեց թէ՝ իր մեծ հայրը որպէս Դեսպան արժանացած էր նաեւ շքանշաններու։  

Նորին Ամենապատուութիւնը, ուրախութեամբ ողջունեց Մարի Մատլէն Պալեանի ներկայութիւնը եւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ իր պատրաստակամութեան մասին։ Պալեան Ընտանիքը, իր նուիրական գործունէութեամբ արդէն իսկ պատմական ներկայութիւն կը դառնար թէ՛ Հայոց եւ թէ՛ օտարներու մօտ։ Ուստի, ընտանիքի գործունեայ անդամներէն Սարգիս Պալեանէ հասած շքանշանները, մշակութային մասունքներ էին։ Պատրիարք Հայրը, շնորհակալութիւն յայտնեց մեծապատիւ հիւրին, քանի ան ազգային նախանձախնդրութեամբ այս շքանշանները կը յանձնէր Պատրիարքական Աթոռոյ, որպէսզի անոնք Ազգային յարկին ներքեւ պահպանուին ու ցուցադրուին։ Այսպէս Աթոռոյս Թանգարանը օժտուած կ՚ըլլար նաեւ պատմական գոյքերով։ Մեր Հոգեւոր Պետը, հաւաստիացուց թէ՝ Պատրիարքական Աթոռը բծախնդրութեամբ պիտի պահպանէ այս շքանշանները ու այցելուներ պիտի կարենան տեսնել զանոնք։ Իր խօսքերու աւարտին, Պատրիարք Հայրը արեւշատութիւն եւ քաջառողջ կեանք մաղթեց Մարի Մատլէն Պալեանին։

Հիւրերը, ապա շրջեցան Պատրիարքարանի Կոլոտ Հաւաքածոն, առաջնորդութեամբ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի։

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın