İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅԵՐՈՒՆ

Պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ Փեքթորոսօղլու շաբաթավերջին մասնակցութիւն բերաւ բարեգործական ծրագրի մը, որ ներկայ պայմաններով հրատապ բնոյթ կը ներկայացնէ հայ իրականութեան տեսակէտէ։ Այսպէս, Սիպիլ մասնակցեցաւ «Քեզի համար Պէյրութ» կարգախօսով կազմակերպուած առցանց երգահանդէսի մը, որու զուգահեռ կատարուած հանգանակութեան հասոյթը տրամադրուեցաւ լիբանանահայութեան առկայ կարիքներու դիմագրաւման։

«Համազգային» կրթական միութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմը-տեան ափի Շրջանային վարչութեան կողմէ կազմակերպուած էր այս հեռավար ձեռնարկը։ Նախաձեռնութեան միացած էին նաեւ քանի մը արուեստագէտներ։ Երգահանդէսի գլխաւոր նպատակն էր ո՛չ միայն նեցուկ կանգնիլ Պէյրութի նաւահանգիստի աղիտալի պայթումի հետեւանքներու յաղթահարման գործընթացին, այլեւ՝ բարոյական նոր կորով ու լաւատեսութիւն ներշնչել լիբանանահայերուն։ Արդարեւ, ֆիզիքական ու նիւթական կորուստներէ զատ անոնք ներկայիս կը դիմագրաւեն բարոյալքման փուլ մը ու կարիքն ունին վերստին լաւատեսութեամբ տոգորուելու։ Բարենպատակ այս ծրագրին մասնակցութիւն բերին աշխարհի զանազան երկիրներէ շատ յայտնի հայ արուեստագէտներ եւ հասարակական գործիչներ։ Այս ամբողջին մէջ է, որ հանդէս եկաւ Սիպիլ, որ իր դիպուկ մեներգով հերթական անգամ խոր տպաւորութիւն գործեց ունկնդիրներուն վրայ եւ իր ձայնով կրկին պատգամեց, որ այս ծանր պահուն պոլսահայութիւնը թիկունք կը կանգնի լիբանանահայութեան։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F21-09-2020-զօրակցութիւն-լիբանանի-հայերուն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın