İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Տ. ՄԱՂԱՔԻԱ ԱԲՂ. ՊԵՍՔԻՍԻԶԵԱՆ ԱՐՏԱՍԱՀՄԱՆ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՈՒՍՈՒՄԸ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Պոլսահայ հոգեւորականաց դասու երիտասարդ ու խոստմնալից անդամներէն Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան այս առաւօտ արտասահման մեկնեցաւ՝ կատարելագործելու համար իր բարձրագոյն ուսումը։ Հայր սուրբը Իսթանպուլէն մեկնեցաւ Պրիւքսել՝ օդային ճանապարհով, անհրաժեշտ բոլոր պայմանները բաւարարած ըլլալով։ Պելժիոյ մէջ, յառաջիկայ երեք տարիներու ընթացքին Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան պիտի յաճախէ Լուվեռնի համալսարանը։ Այս վերջինը հեղինակաւոր բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն մըն է։ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան Լուվեռնի համալսարանէն ներս պիտի հետեւի աստուածաբանութեան դասընթացներու։ Մագիստրոսական մակարդակի ծրագրի մը պիտի հետեւի ան եւ երեք տարուայ այս ժամանակաշրջանի աւարտին կատարելագործած պիտի ըլլայ իր բարձրագոյն ուսումը։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան ծնած է 1992 թուականին։ Աւարտած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան ընծայարանը։ Կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուելէ վերջ հովուական ծառայութիւն իրականացուցած է Իսթանպուլի մեր եկեղեցիներէն ներս։ Վերջին քանի մը տարիներուն ընթացքին ան մաս կազմած է մեր հոգեւորականաց դասուն եւ այդ ընթացքին իր կարողութիւններով արժանացած է բոլորի գնահատանքին, նաեւ առարկայ դարձած՝ համատարած համակրանքի։ Հակառակ իր երիտասարդ տարիքին՝ Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պեսքիսիզեան աշխուժութիւն բերած է մեր հոգեւորականաց դասէն ներս, ազգային-եկեղեցական կեանքին մէջ ունեցած է իր անանտեսելի ներդրումը։ Ան ուշադրութիւն գրաւած է նաեւ իր կազմակերպչական կարողութիւններով՝ յաջողելով շարժման անցընել մասնաւորապէս երիտասարդները։

Այս բոլոր յաջողութիւնները արդէն առիթ հանդիսացած են, որպէսզի Պատրիարքական Աթոռը խրախուսէ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի բարձրագոյն ուսման կատարելագործումը։ Ուստի, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ ան ձեռնարկած է համապատասխան աշխատանքներու, որոնց աւարտին արդէն այս առաւօտ մեկնած է Պելժիա՝ Լուվեռնի համալսարանին մէջ շարունակելու համար իր մագիստրոսական ուսումը։ Տ. Մաղաքիա Աբղեղայ Պեսքիսիզեան Թուրքիոյ մէջ ալ աւարտած է Իսթանպուլի «Այտըն» համալսարանը, ուր աւարտած է միջազգային յարաբերութիւններու բաժինը։ Այսպէսով, իր բարձրագոյն ուսման պարագային հետաքրքրական համադրութիւն մը կը ստեղծուի, որ թէ՛ կը խորացնէ իր մտաւորական պատրաստութիւնը եւ թէ կարեւոր հորիզոններ կ՚ուրուագծէ անոր առջեւ՝ հոգեւորականի առաքելութիւնը իրականացնելու ճանապարհին։

Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի բարձրագոյն ուսման կատարելագործման այս ծրագրին հայրաբար իր աջակցութիւնը բերած է նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ նկատելով երիտասարդ հոգեւորականի խոստացած փայլուն ապագան՝ փափաքած է նպաստել անոր մտաւորական պատրաստութեան։

Երէկ, Պելժիա մեկնելէ առաջ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանի հետ ունեցանք ջերմ հանդիպում մը, որու ընթացքին ան խօսեցաւ ապագայի վերաբերեալ իր իտէալներուն շուրջ։ Հայր սուրբը մանաւանդ ընդգծեց, որ իրեն ընձեռուած հնարաւորութիւնները լիուլի պիտի օգտագործէ եւ այդ պատրաստութեան հիման վրայ պիտի շարունակէ աւելի մեծ եռանդով մը ծառայութիւն բերել Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Ուստի, մենք եւս բարեյաջողութիւն մաղթեցինք սիրելի հայր սուրբին՝ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանին, որպէսզի ան ուսումը կատարելագործելէ վերջ կարողանայ ա՛լ աւելի մեծ օգտակարութիւն բերել մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/19-09-2020-տ-մաղաքիա-աբղ-պեսքիսիզեան-արտասահման-մեկնեցաւ-բարձրագոյն-ուսումը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın