İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Քեզի Համար Պէյրութ»

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան եւ քանի մը արուեստագէտներու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նշանակալի առցանց երգահանդէսը նպատակաուղղուած է Լիբանանի հայութեան եւ յատկապէս Համազգայինի մեծ ու աշխարհատարած ընտանիքը ի մի բերելու, օգտուելով համացանցի արդի հաղորդակցութեան բոլոր հնարաւորութիւններէն:

Առցանց երգահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, 19 Սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:00ին (pacific time), հէռարձակուելով http://horizonarmtv.com/ եւ   https://yerkirmedia.am/hy/ հեռուստակայաններէն,ինչպէս նաեւ առցանց յղումով՝ https://www.facebook.com/hamazkayinhartag/

Hamazkayin Hartag Հարթակ Youtube ալիքէն եւ Ասպարէզի դիմատետրի էջէն Asbarez Facebook page.

Երգահանդէսին սիրով իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի չորս ծագերէն հռչակ վայելող սիրուած հայ երգիչ-երգչուհիներ, երաժիշտներ եւ արուեստագէտներ՝ Արա Մալիքեան, Սերուժ Գրաճեան, Սիպիլ, Անտրէ, Արա Գէորգեան, Սեպուհ Սիմոնեան, Ճիւան Գասպարեան, նՃիւան Գասպարեան Jr., Յարութ Փամպուկճեան, Ռոզի Արմէն, Այլին Խաչատուրեան, Էրմոնիա, Միշա, Արցախի Ձայն, Եսայի Ալթունեան, Էմմա Պետրոսեան եւ Արամօ, Էմմի, Անճէլա Ամիրեան, The Beautified Project, Colegio Armenio Vincente Lopez Choir, Կարօ Փայլան, Գագիկ Գասպարեան, Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Էկոյան, Յովիկ Քէօշկէրեան, Վիգէն Ստեփանեան եւ Վահէ Պէրպէրեան : Երգահանդէսը սիրայօժար պիտի համադրէ պատկերասփիւռի արժանդինահայ բեմադրիչ եւ հաղորդավար Լէօ Մոմճեանը, որ հարուստ կենսափորձ ունի այս մարզէն ներս:Սոյն համերգին՝ Համազգայինի հովանաւորութեամբ եւ լիբանանահայ բեմադրիչներ՝ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի եւ Հրայր Գալէմքէրեանի համատեղ աշխատանքներով երեւան եկած, առաջին անգամ ըլլալով եթեր պիտի հեռարձակուի «Հայու Ոգին» (խօսք՝ Մուշեղ Իշխան, երաժշտութիւն՝ Արմէնուհի Կարապետեան) երգը, որուն կը մասնակցին աշխարհի չորս անկիւններէն երգիչ-երգչուհիներ:

Երգահանդէսին գլխաւոր նպատակն է, ոչ միայն նեցուկ կանգնիլ յետ աղէտի վերականգնումի գործընթացին, այլ բարոյական նոր կորով ու լաւատեսութիւն ներշնչել մեր ազգակիցներուն, որոնք ֆիզիքական ու նիւթական կորուստներուն առընթեր, բարոյալքման այս հանգրուանին, խիստ կարիք ունին վերստին լաւատեսութեամբ ներշնչուելու եւ նոր կորով ու խինդ հաւաքելու, քաջ համոզումով, որ աւերէն ետք վերաշինելու եւ ինքզինք վերագտնելու բնազդն ու վարքագիծը հայ ազգի ճակատագիրին անբաժան մէկ մասնիկն է:

Որպէսզի լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իր սեփական ոտքերուն վրայ կանգնի, եկէ՛ք աշխարհի հայե՛ր, նուիրաբերենք մեր լումաները հետեւեալ հասցէով՝ https://www.hamazkayin.com/donate եւ 818-514-1069 հեռաձայնի թիւին:

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın