İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՓԱՌԱՇՈՒՔ ՀՐԱԺԵՇՏ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ նորոգ հանգուցեալ Մելինէ Ենիեորկանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը, որ համախմբեց համայնքային շրջանակներէ բազում դէմքեր։ Ինչպէս ծանօթ է, Մելինէ Ենիեորկանի կորուստը վերջին օրերուն պատճառ դարձաւ մեծ տխրութեան։ Այս իրավիճակին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ իր յուղարկաւորութիւնը, որու մասնակիցները իրենց վերջին յարգանքը մատուցին հանգուցեալի ազնիւ յիշատակին նկատմամբ եւ իրենց խոնարհումը բերին իր բարոյական ներկայութեան առջեւ։ Լուսաշող տաճարին կեդրոնը, մահաբեմին վրայ զետեղուած էր Մելինէ Ենիեորկանի դագաղը, որու շուրջ յուղարկաւորները աղօթեցին իր յաւիտենական նենջի խաղաղութեան համար։

Յուղարկաւորութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։ Արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ դամբանական մը։ Մեր քահանայից դասէն անդամներու առընթեր, սգաւորներու շարքին էր Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։

Բոլոր յուղարկաւորները ննջեցեալի հարազատներուն փոխանցեցին իրենց խորազգած վշտակցութիւնները։

Յուղարկաւորութեան աւարտին հոգելոյս Մելինէ Ենիեորկանի մարմինը ամփոփուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան ընտանեկան դամբարանին մէջ։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/10-09-2020-փառաշուք-հրաժեշտ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın