İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ – 200

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարի՝ 2020-ին, ստուերի տակ մնացին կարգ մը յոբելեաններ, որոնք, եթէ արտակարգ դրութիւն չըլլար, պիտի նշուէին եւ ոգեկոչուէին փառաշուք կերպով եւ երկար ատեն պիտի յիշուէին իբրեւ հոյակապ հանդէսներ:

Այդ յոբելեաններէն մէկը Խրիմեան Հայրիկի 200-ամեակն էր, որ լրացաւ այս տարի եւ հայութիւնը չկրցաւ այս առիթով անգամ մը եւս ոգեկոչել Հայոց Հայրիկին՝ հայ ժողովուրդի ամենակարկառուն գործիչներէն մէկուն յիշատակը:

Բայց կան անուններ, որոնք անմահ են. կան գործեր, որոնք անմահ են, անկախ այն հանգամանքէն, որ առիթներո՞վ կը յիշուի անոնց մասին, թէ՞ անառիթ: Այդ անունները լուսաւորած են ժողովուրդի մը կեանքն ու ճանապարհը՝ ոչ թէ մէկ-երկու, այլ բոլոր դարերուն համար:

Այդ անուններէն մէկն ալ Հայոց Հարիկն է, որ իր գործով, իր խօսքով ու գիրով, իր կերպարով լոյս սփռած է հայ մարդուն ճանապարհին եւ տակաւին վառ է այդ լոյսը:

Այս օրերուն ձեռքս առած էի Մկրտիչ Խրիմեանի գլուխ-գործոցներէն մէկը՝ «Պապիկ եւ Թոռնիկ» երկը, տպուածը Պէյրութ, 2001-ին: Այս գործը տասնեակ անգամներ տպուած է. առաջին անգամ լոյս տեսած է 1894 թուականին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, յետագային՝ հայաշխարհի զանազան կեդրոններուն մէջ, վերստին հրատարակուած եւ տարածուած է:

Պէյրութի մէջ տպուած այս հրատարակութիւնը, միւս հրատարակութիւններուն պէս, հարազատ է: Հոս Վարուժան Արք. Հէրկէլեանի յառաջաբանը կայ, այսպիսի խօսքերով. «Խրիմեան Հայրիկ Պապիկը՝ եթէ ողջ ըլլար, ի տես մեր հայրենական գիւղի ներկայ անբարեյոյս վիճակին, վստահ եմ որ անէծք պիտի թափէր հայրենի մեր ղեկավարներու գլխուն: Ես՝ իր Թոռնիկը, չեմ ուզեր անիծել, որովհետեւ պատուհասը արդէն մեր դրան շեմին է, այլ այս երկի վերահրատարակութեամբս կ՚ուզեմ զգաստութեան շեփոր հնչեցնել, որ մեր հայրենի գիւղը, Երեւանէն կամ ամենահրապուրիչ մայրաքաղաքէն աւելի խնամքի եւ գուրգուրանքի առարկայ դառնայ, որպէսզի մեր ազգը առողջ, ապահով ու երջանիկ ապրի: Ափ մը հայրենի հող ազատագրելու համար հազարաւոր նահատակ տուող ազգի մը չի վայելեր պճեղ մը վայելքի համար հայրենի գիւղերը պարպել ու լքել: Այդ վայելքը հոն, գիւղին մէջ աւելի հաստատուն կրնայ ըլլալ, երբ պետական այրերը դէպի հո՛ն սեւեռեն իրենց աչքը եւ միտքը… Իսկ գիւղացին սորվի սիրել իր հողը, իր գիւղը, իր եզն ու ոչխարը…»:

«Պապիկ եւ Թոռնիկ» վիպակին սկիզբը Խրիմեան Հայրիկ կը գրէ, որ իրեն վիճակուած էր «…Կիւլպէնկեան տան յիշատակաց դպիր» ըլլալը եւ զայն կը նուիրէ «…մեծանուն Ազգատոհմին իբրեւ անմոռանալի յիշատակ մը», որպէս «Հայրիկին պսակ», «իբրեւ ծաղկեփունջ»՝ Յովհաննէսին «գերեզմանին վրայ»:

Հիասքանչ, անմեռ այս երկը խաղաղ եւ անվրդով կերպով ցոյց կու տայ Հայրիկին հայրենի Վասպուրականին գիւղական իրականութիւնը, կենցաղն ու աւանդոյթները, բնութիւնը: Հատորը համեմուած է ժողովրդական խօսք ու զրոյցով, իմաստուն խորհրդածութիւններով եւ անփոխարինելի խրատներով, որոնք այսօր եւս արդիական են:

Հայրիկը կ՚ըսէ, որ «Պապիկ եւ Թոռնիկ» գիրքին նիւթը «…Վասպուրական երկրի շինական ժողովուրդի ծաղիկներէն քաղած եմ, զոր փնջիկ կապելով եւ ահա ձեզ կը նուիրեմ»:

Այս գործէն հատուած մը կը ներկայացնենք իբրեւ ոգեկոչում Հայրիկին 200-ամեակին:

ԱՌ ՇԻՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՍ ՀԱՅՈՑ

ՊԱՊԻԿ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿ քեզ համար դրեցի եւ քո անուան նուիրում եմ, իմ սիրելի դաշտաբնակ մշակ ժողովուրդ, Հայոց Հայրիկ, որ այժմ ծերացած մի պապիկ դարձած է, նա սիրեց եւ փոքրութիւն չհամարեց, որ ինքն պահ մի իբրեւ մի շինական պապիկ ձեւանայ, որպէս թէ Վասպուրականի Առճակ գիւղի մէջ ծնած է, Վարագայ վանքում մաճկալ եղած է, շատ անգամ ի Պօլիս գնացել եկեր է եւ առանց դպրոցի նա միայն մտիկ անելով եւ գրքեր կարդալով քիչ մի բան սովրած է եւ իւր սովրած կ՚աւանդէ իւր սիրական թոռնիկին։

Պապիկի միակ նպատակն ի՞նչ է որ այս փոքրիկ գիրքը շարադրեց քեզ համար, որպէսզի դու կարդաս իմանաս ու ճանչնաս քո նշանակութիւն, ճանչնաս ու զգաս միանգամայ քո խեղճ կեանք ու վիճակ։

Երջանիկ ես եւ թշուառ կ՚ապրիս, բազմահարուստ գանձի տէր ես եւ գրպանդ մի փող չկայ, երկրիս մեծ կալուածատէրն ես, բայց միշտ հացի կարօտ ու պարտապան՝ երկրի ընդհանուր քաղաքացի ժողովուրդին ամէն կենսական բարիքներ դու կը մատակարարես, թագաւորէն սկսեալ մինչեւ յետին քաղաքացւոց սեղանին հաց կուտաս, իւղ կուտաս, միս կուտաս, հագուստներու նիւթ կը մշակես, բուրդ կուտաս, բամբակ կուտաս, քթան կուտաս, շերամ կուտաս եւ այլ շատ բաներ, որոնք եւ այստեղ չեմ ուզեր թուել։ Բայց ի՞նչ է պատճառ գիտե՞ս արդեօք, որ դու քո թուած այնչափ բարիքներէն միշտ զրկուած կը մնաս, դու կարդա՛ «ՊԱՊԻԿ ԹՈՌՆԻԿ», քաջ կ՚իմանաս թէ զորա միակ պատճառ տգիտութիւնն է, գռեհկութիւն, կարդալ, գրել, հաշուել, անտեսել չգիտնալն է։ Իսկ քո տգիտութեան եւ այդ վիճակի մէջ այդպէս մնալու պատճառն ի՞նչ է, այն էլ խօսիմ ու բացատրեմ քեզ, դու մտիկ արա, որ գիտենաս եւ խելամուտ լինիս։

Ինձ այնպէս կը թուի թէ դու եղեր ես մի մոռացեալ երկիր, ինչպէս ասում է Սաղմոս. դու լայնածաւալ դաշտերու եւ լեռներու վրայ բնակում ես, ի՞նչ զարմանալի բան է, որ քաղցիք զձեզ չեն տեսնար, քո գիրք շատ խոնարհած գետնահաւասար եղեր է, անխոնջ մրջիւնի նման կ՚աշխատիս։

Քաղքցին բարձրավիզ է, չի տեսներ զքեզ եւ շատ անգամ, ո՜հ, կոխկռտելով կ՚անցնի քո վրայէն եւ դու կը ճմլիս նորա ոտքի տակ։

Քաղաքացիք իմաստասէր մատենագիր դարձան, բայց չեն զիջանիր քեզ համար գրքեր գրել, թէ եւ խմբագիրք եւ գիւղատնտեսներ քեզ համար շատ յօդուածներ նուիրում են, դու մի գանգատիր, նոյնիսկ գիւղականի մի զաւակ, որ մի բարերարի շնորհիւ կ՚երթայ Եւրոպայ, կ՚աւարտէ իւր ուսումն եւ համալսարանէն կը վերադառնայ, ասացէ՛ք դուք, շիտակ դէպ ուր կ՚երթայ, դէպի քաղա՜ք առանց իւր հայրենի շինական տան ու ծնողաց առաջին ողջոյն եւ այցելութիւն տալու. եթէ ասես, պարոն ինչու մոռանում ես քո գեղ, որ քո ծննդավայր եւ խանձարուրն է։

Տե՛ս դու, ի՞նչ կը պատասխանէ. ես քաղաքակիրթ աշխարհակիրթ աշխարհէն կու գամ, կեանքս եւ ճաշակս բոլորովին փոխուած է. ես լոյս եւ գիտութիւն ունիմ, միթե կարելի՞ է որ գիւղական խաւար եւ անկիրթ ժողովուրդին մէջ ապրիմ, որ երբեք չգիտեն գնահատել իմ արժէք, ո՛հ, ես յիշում եմ մեր տուն ու խրճիթ եւ այն չարաճճի անզգամ լուեր, որ զիս կը խաշէին եւ կը տանջէին։ Ուրեմն մեր պարոն համալսարանական պիտի բնակի քաղաքում եւ պիտի սպասէ այնչափ, մինչեւ իւր գեղը քաղաքակրթուի, խաւար գիւղացիք լուսաւորուին, իւր խրճիթներ ապարանք դառնան, եւ ապա մեր պարոնը վերադառնայ իւր գիւղը։ Եւ թէ ասես, մի սպասիր այդ անյայտ երկա՜ր ժամանակին, դու այժմէն գնա կրթէ, լուսաւորէ գիւղացի մանուկներ եւ այդ բախտաւոր ժամանակ դու բեր քո անբախտ գիւղին համար, միթէ դու ինքնին պարտականութիւն չունի՞ս, յիշէ այն օրը, երբ պաղատում էիր քո բարերարին թէ զիս Եւրոպա ղրկէ, կ՚ուխտեմ եւ կը խոստանամ, թէ ողջ վերադառնամ, ամենայն անձնուիրութեամբ հայրենեաց ծառայեմ, բայց պարոնին հայրենիք միայն քաղաքն է եւ ոչ թէ գիւղ։

Թողունք Եւրոպիոյ համալսարանի պարոնը, որ գուցէ իւր առարկութիւն երբեմն իրաւացի լինին. հապա ի՞նչ ասենք այն պարոններուն, որ առանց Եւրոպիոյ աշխարհ տեսնելու, նոյնիսկ մեր աշխարհին մէջ, կիսակրթութեան փոքր ինչ զարգացումն ստանալէն յետոյ՝ իրենց միտք եւ իրենց սրտի թաքուն տենչանք դէպի քաղաքն է, որոց մեծ մասն դարձեալ գիւղացի զաւակներն են, կրթութեան եղանակի՞ն է յանցանք, չգիտեմ, դաստիարակ ուսուցիչներու՞ն է յանցանք, չգիտեմ, ժամանակի եւ կեանքի պահանջմա՞նն է յանցանք, դարձեալ չգիտեմ։ Միմիայն այս գիտեմ ես, որ դպրոցի կրթութեան կապանքէն արձակուելէն յետոյ, դէպի քաղաք կը վազեն։

Ես լսեցի գիւղացի հայրերու ոմանց տրտունջն ու գանգատ, Հայրիկ, ես զաւակս մեծ փափաքով կրթութեան տուի, որ ծերութեան ցուպ լինէր, նա գնաց այլեւս չի դարձաւ, մոռացաւ իւր որդիական պարտիք եւ աւելի ճիշտ է, որ ասեմ ուրացաւ իւր ծնողք եւ այլն։

Կրթութեան այս մեծ խնդիր, ունի շատ իւր դժպատեհ հետեւանքներ, եթէ չմտածենք գեղն ու դարման եւ թողունք որ այսպէս շարունակուի այս կրթական հիւանդութիւնն քիչ ժամանակէն պիտի տեսնանք, որ մեր գիւղացի պատանիներ դպրոցէն դէպի քաղաք մի գաղթականութեան ճանապարհ պիտի բանան, եւ ի՞նչ կը լինի յայնժամ, երբ հայ ժողովուրդի ամենամեծ մասի կեանք հողն ու երկիրն է։

Ահա քեզ համար հոգացի եւ պատրաստեցի «ՊԱՊԻԿ եւ ԹՈՌՆԻԿ», իմ սիրելի գիւղացի ժողովուրդ, որ դու քո հայրենատուր հողն ու դաշտ սիրես եւ երբեք չի բաժանուիս, գիտնալով թէ քո կեանք հողն է եւ հողագործութեան արդար ու հալալ վաստակ։ Ուշադրութեամբ կարդա՛ այն խորհրդաւոր գլուխն «ՊԱՊԻԿԷ ՊՍԱԿՆ Ի ԴԱՇՏ», թէ ինչպէս Պապիկ իւր Թոռնիկ խաչով, Աւետարանով պսակելէն յետոյ, կը տանէ զինքն ի դաշտ կ՚ըսէ՝ գիւղացի փեսայի համար բաւական չէ, ես այժմ կրկին պիտի պսակեմ զքեզ հողին ու մահճին, գութանին եւ հողագործութեան հետ, պէտք է ուխտես երկնից եւ երկրի առաջ, որ այս պսակն անքակտելի պահես, ահա կը դնեմ քո գլուխ ցորենաբոյսի ցօղուններէն հիւսուած այս գեղեցիկ պսակ, թող վկայ լինին մեր մշակներ, հօտաղներ եւ մեր լծական գոմշուկներ եւ եզներ։

Գիտե՞ս, Թոռնիկ, Աստուած մի արասցէ, եթէ քո ամուսին Շուշան մեռնի, մի ուրիշ Շուշան կարող ես առնել, բայց երբ հող քեզ համար մեռնի, այսինքն կամ ծախես, կամ ձեռքէդ հանես եւ զրկուիս քո ժառանգած հողէն, էն ժամանակ դու էլ կը մեռնիս, Շուշան էլ հետ քեզ կը մեռնի եւ Պապկի տուն եւ օճախ կը քանդուի։

Այսպէս Պապիկ իւր Թոռնիկին վրայ կրկնապսակ մի կատարեց, Հայրիկն էլ համայն գիւղական ժողովուրդին գլուխ կը դնէ իւր պսակն՝ Պապիկ Թոռնիկով եւ կ՚աղօթէ որ դու այս պսակ անթառամելի պահես, սիրես քո հող եւ հողագործութեան աշխատութիւն, սիրես ուսումն եւ կրթութիւն, որ քո մշակութեան քրտնաթոր վաստակ արդիւնաբեր լինի, որով միայն քո կեանք կը բարւոքի եւ դու տառապանաց կապանքէն կ՚ազատուիս, որ տգիտութեան արգասիքն է։

Վերջին բան առ ձեզ ուղղելով, ո՛վ Վասպուրական երկիր, իմ անձկալի Հայրենիք. ՊԱՊԻԿ եւ ԹՈՌՆԻԿ յատկապէս Ձեզ համար գրեցի, Երուսաղէմ Սիօնի լեռան վրայ, խաչի հովանեաց տակ, դու կարդալով կը տեսնաս, որ Պապիկ Թոռնիկի նիւթեր Վասպուրական երկրի շինական ժողովուրդի ծաղիկներէն քաղած եմ, զոր փնջիկ կապելով եւ ահա ձերն՝ ձեզ կը նուիրեմ։

Հոտոտելով այս փունջը, անշուշտ կ՚զգաք եւ վա՜շ կ՚ասէք, Առճկեցի Պապիկ մեր ծաղիկն է, Աշըղ Մուշօն մեր ծաղիկն է, մեռելոց դաշտի մէջ ննջած այն մեծ-մեծ տանուտէրերուն խաչքարերու յիշատակներ մեր պարծանքն է։

Կը թուիմ թէ շատ մօտ եմ ձեզ, միայն հինգօրեայ ճանապարհ մի անջրպետ կայ։ Վարագայ խաչի սար ծածկուած է աչքէս։ Վասպուրական Արծիւն էի երբեմն, բայց այժմ թեւաթափ ծերացած եմ, եւ ո՞ տայր ինձ որ նորափետուր արծուի լինէի, թռչէի վերանայի գէթ վերջին անգամ տեսնայի բարձր քարին վերայ դրուած իմ աւերակ բունիկս։

Այլեւս ի զուր է այս ցանկութիւն, կը մնայ ինձ հոգւով մօտ լինել ձեզ եւ հոգւով աղօթել վասն ձեր։

Իսկ ձեզ կը մնայ կարդալ Պապիկ Թոռնիկ եւ յիշել զՀԱՅՐԻԿ։

Թէ մեռնիմ երթամ գերեզման եւ այլեւս չկարեմ խօսիլ ձեզ հետ կենդանի բարբառով ու գրով, ահա կը թողում ձեզ գիրս իբրեւ մշտախօս կտակ եւ յիշատակ. որոյ միակ նպատակն է, որ հայն իւր հայրենատուր հողէն չը բաժնուի, զի իւր սեփհական ժառանգութիւն է դրախտի երկիր, զոր Տէր Աստուած մեր Ադամ՝ պապուն եւ ժառանգորդներուն տուաւ եւ ասաց գործել զերկիր ու պահել։

http://www.jamanak.com/content/ընկերա-մշակութային/8-09-2020-խրիմեան-հայրիկ-200

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın