İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, 1 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան Վարժարանի լիսէի բաժնի շրջանաւարտներու խումբը, առաջնորդութեամբ՝ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Եսայի Տէմիրի եւ Լիսէի Բաժնի Տնօրէնուհի՝ Տիանա Եըլանճըօղլուի։

Նորին Ամենապատուութիւնը ուրախութեամբ ողջունեց շրջանաւարտ աշակերտները, եւ մի առ մի գնահատեց իրենց ձեռք բերած յաջողութիւնը համալսարաններու մտից քննութեան մէջ։ Պատրիարք Հայրը յատկապէս անդրադարձաւ թէ՝ ինք եւս Սահակեան Վարժարանի մէջ կրօնագիտութեան դասատուի պաշտօնը ստանցնած էր եւ շրջանաւարտ աշակերտաց խումբը եւս իր աշակերտները եղած էին։ Այս առումով իրենց յաջողութիւնը, առաւել եւս մեծ ուրախութիւն պատճառած էր իր մօտ։ Պատրիարք Հայրը, աշակերտներէն կարգաւ լսեց իրենց ապագայի մասին մտածումները։ Անոնցմէ՝ Թալիա Քարաճան եւ Թալիա Թուանա Տաղը շահած էին արտասահմանի մէջ ուսանելու հնարաւորութիւնը։ Անոնցմէջ, առաջինը՝ Ֆրանսայի Սորպոն Համալսարանի, իսկ երկրորդը՝ Հայաստանի Երեւանի Բժշկական Համալսարանի մէջ պիտի շարունակէին իրենց բարձրագոյն ուսման։ Պատրիարք Հայրը, այս առիթով գնահատեց բոլոր  շրջանաւարտներու զարգացման մէջ ներդրում ունեցող կրթական մշակները եւ ընտանիքները։ Այս առիթով օրհնեց ներկաները եւ մաղթեց որ անոնք ապագային որպէս զարգացած երիտասարդներ իրենց ներդրումը բերեն համայնքային կեանքէն ներս։ Մեր Հոգեւոր Պետը ներկաներուն շնորհեց յիշատակի նուերներ ու փոխանցեց բարեմաղթութիւնները։

Այցելուներ շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Սրբազան Հօր հայրական ջերմ վերամբերմունքին համար։      

https://www.facebook.com/TRArmenianPatriarchate/posts/1621900894636454

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın