İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայահոծ Պուրճ Համուտի մէջ փլուզում. Հաւանաբար եղածը Պէյրութի պայթումին հետեւանքով է (Տեսանիւթ)

Ժամեր առաջ Պէյրութի հայահոծ Պուրճ Համուտ շրջանին մէջ փլուզում մը պատահած է։

Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին Պէյրութէն։

 Մեր աղբիւրին հաղորդմամբ փլուզումը եղած է Մարաշ թաղամասի «Աբո Մոտա» հագուստներու վաճառատան թաղամասին մէջ։

 Շէնքի մը   արտաքին պատէն բաժին մը ինկած է թաղին մէջ գտնուող ինքնաշարժի մը վրայ պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ։

  Մեր ունեցած տեղեկութիւններով դէպքին հետեւանքով մարդկային վնասներ չեն եղած, իսկ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան անդամ ոստիկաններ հասած են շրջան պէտք եղած ապահովական քայլերն առնելու նպատակով։

 Կ՚ենթադրուի, որ փլուզումը եղած է Պէյրութի մեծ պայթումին պատճառած ցնցումներուն հետեւանքով։

http://arevelk.am/am/content/2/5296/Հայահոծ-Պուրճ-Համուտի-մէջ-փլուզում.-Հաւանաբար-եղածը-Պէյրութի-պայթումին-հետեւանքով-է-(Տեսանիւթ).html

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın