İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՍԱՆԵՐԸ ՄԵՐ ԲՈԼՈՐԻ ԶԱՒԱԿՆԵՐՆ ԵՆ, ԲԱՅՑ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐԻ ՏԷՐՆ Է ԻՐ ԾՆՈՂՔԸ»

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու վերամուտի սեմին համայնքի օրակարգին վրայ բերաւ ուշագրաւ խնդիր մը։ Ան Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ERVAB) առցանց հարթակին վրայ երէկ ուշադրութիւն հրաւիրեց հրատապ նիւթի մը։ Հաշուի առնելով հարցի կարեւոր բնոյթը՝ Շիրինօղլու այդ փակ հարթակի իր գրառումը փոխանցեց նաեւ համայնքային մամուլին։ Հարցը կը վերաբերի պոլսահայ վարժարաններու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան։

Երէկուան իր գրառման կապակցութեամբ այս առաւօտ հեռաձայնային կապ մը ունեցանք Պետրոս Շիրինօղլուի հետ։ Իր խօսքով՝ ճիշդ տարի մը առաջ պատկան մարմինները աշխատանքի ձեռնարկած էին պետական վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութիւնը ստուգելու նպատակով։ Ան այդ ժամանակ կանխատեսած էր, որ նման պարագայ մը ի զօրու կրնայ դառնալ նաեւ այլ կրթական հաստատութիւններու համար՝ ներառեալ թրքահայ վարժարանները։ Որոշ ժամանակ անց, Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութիւնը արդէն մեր դպրոցներէն տեղեկագիրներ պահանջած է՝ շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան շուրջ։ Այդ գործին համար վերջնաժամկէտ սահմանուած է 24 օգոստոս 2020 թուականը։ Այդ տեղեկագրերը պատրաստուած պէտք է ըլլային այնպիսի մասնագիտական կառոյցներու կողմէ, որոնք լիազօրուած են պետական ճանաչումով։

Պետրոս Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ մեր համայնքէն ներս այդ աշխատանքը իրականացուած է ՀԱՅՃԱՐ-ի կողմէ։ Թէեւ ՀԱՅՃԱՐ վերոյիշեալ կարգավիճակը չունի, սակայն մեր դպրոցներու պարագային կատարած է այդ գործը եւ որոշած է արդիւնքները հանրային կարծիքին հետ չբաժնել։ Այդ տեղեկագրերը յանձնուած են Պատրիարքարան, որպէսզի մեր ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս խուճապ մը չյառաջանայ։

Այս բոլորը պատմելէ վերջ Պետրոս Շիրինօղլու նշեց, որ մեր վարժարաններու վերաբերեալ այդ տեղեկագրերը չեն յանձնուած Իսթանպուլի Կրթական տնօրէնութեան։ Այս պայմաններուն ներքեւ պատկան մարմինները իր հետ կապ հաստատած են եւ հետաքրքրուած՝ պատճառներով։ Զուգահեռաբար՝ Շիրինօղլուն ալ հետամուտ եղած է այս խնդրին եւ ստուգած վերոյիշեալները։ Ան ընդհանուր կացութիւնը կը նկատէ անընդունելի։ Շիրինօղլու ստուգած է, որ մեր բազմաթիւ վարժարաններու շէնքերը անհրաժեշտ ամրութիւնը չունին երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան տեսակէտէ։ Կարգ մը վարժարաններու պարագային հին թուականով մասնագիտական տեղեկագրեր ցոյց կը տրուին՝ մինչ պատկան իշխանութիւնները կը պահանջեն նորագոյն տուեալները։ Ըստ Շիրինօղլուի, ինք փափաքած է այս հարցին շուրջ զգուշացնել բոլորը։ Անկարելի է ծնողներէն թաքցնել նման կարեւոր հարց մը։ «Պոլսահայ վարժարաններու սաները մեր բոլորի զաւակներն են, բայց իւրաքանչիւրի տէրն է իր ծնողքը», ըսաւ ան։ Բաց աստի, Շիրինօղլու համոզուած է, որ մեր վարժարաններու շէնքերը ամրացնելու համար կարելի է ճանապարհ մը գտնել։ Նիւթական միջոցներ ալ գոյութիւն ունին։ Համակարգուած աշխատանքով մը կարելի է գլուխ հանել այս գործը։ Որոշ ժամանակի մը համար, որոշ շէնքերու մէջ պարփակուելով վերանորոգութեան ծրագիր մը կեանքի կրնայ կոչուիլ։

Հուսկ, ի պատասխան մեր հարցման՝ Պետրոս Շիրինօղլու դիտել տուաւ, որ առցանց հարթակի վրայ երէկ իր կողմէ հնչեցուած ահազանգը թողուած է անպատասխան, որեւէ արձագանգ չէ եղած։ Ան մտահոգութիւն յայտնեց այս համայնապատկերին բոլոր տարրերու որդեգրած դիրքորոշման եւ մտայնութեան շուրջ՝ ներառեալ Պատրիարքարանը։

Հարկ է յիշեցնել, որ միջոց մը առաջ Պատրիարքարանի աղբիւրները հաղորդած էին, որ Գումգաբուի մէջ ժողով մը տեղի ունեցած էր՝ պոլսահայ դպրոցներու շէնքերու ամրութեան հարցին շուրջ։ Այնտեղ նշուած էր, որ այդ աշխատանքի մասնագիտական երեսակը վստահուած է ՀԱՅՃԱՐ-ին։ Գումգաբուի աղբիւրները աւելի վերջ ոչինչ հաղորդած էին այդ աշխատանքի շարունակութեան կամ արդիւնքներուն շուրջ։

Մեր կողմէ աւելցնենք, որ վերջին շրջանին կը խորանայ Պատրիարքարանի մէջ դռնփակ ժողովներ կազմակերպելու նախընթացը։ Առանց մամուլի ներկայութեան, պաշտօնական հաղորդագրութիւններով ձեւականօրէն կը լուսաբանուի հանրային կարծիքը։ Անպատեհութիւններէն մին ալ այն է, որ այս գործելաոճով կարելի չ՚ըլլար ապահովել՝ համայնքի օրակարգի խնդիրներուն նկատմամբ հետեւողականութիւն։ Մամուլը հնարաւորութիւն չ՚ունենար խորաթափանց տեղեակ ըլլալու եւ հետեւելու զարգացումներուն։ Այս խնդիրն ալ վառ օրինակ մըն է եւ ըստ երեւոյթին նպատակայարմար կրնայ ըլլալ՝ Պատրիարքարանի կողմէ լուսաբանութեան մը հրապարակուիլը։

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-08-2020-«պոլսահայ-վարժարաններու-սաները-մեր-բոլորի-զաւակներն-են-բայց

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın