İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՐՑԱԽԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ 25,000,000 ԴՐԱՄ ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ

Հինգշաբթի, 27 Օգոստոս 2020-ին, ՆՍՕՏՏ Արամ Ա․ Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ՝ Տիար Կարօ Քեպապճեան, Արցախի պետութեան անունով քսան հինգ միլիոն դրամ փոխանցելով յօգուտ լիբանանահայ կրթական ասպարէզին։

Վեհափառ Հայրապետին խորհուրդով, նոյն օրը Տիար Քէպապճեան, Ազգային Առաջնորդարանէն ներս հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանահայ յարանուանութեանց երեք պետերուն` Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ․ Շահէ Արք. Փանոսեանին, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Օգնական Եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանին եւ Մեր-ձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարա-նական Եկեղեցիներու Միութեան Կեդրոնական Մարմինի ատենապետ՝ Վեր. Դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Րաֆֆի Սիսլեան եւ Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Մարմինի ատենապետ՝ Տիար Գառնիկ Մկրտիչեան։

Այս առթիւ, Տիար Քեպապճեան նշեց, որ Արցախի ամէնէն ծանր օրերուն առաջին օգնութիւնները հասան Լիբանանէն, եւ այսօր պահն է , որ իր կարգին, Արցախը ձեռք երկարէ Լիբանանահայութեան, որպէսզի ան մնայ կանգուն։ Ան աւելցուց․ որ «հոն ուր հայ կայ, հոն ուր հայկական եկեղեցի, կուսակցութիւն, դպրոց ու մշակոյթ գոյութիւն ունի, հոն Արցախը ներկայ է ու կ՛ապրի»։

Իր կարգին, յօգուտ Լիբանանահայ կրթական ասպարէզին փոխանցուած քսան միլիոն դրամը ստանձնելով, Լիբանանահայ երեք համայնքապետերուն անունով շնորհակալութեան խօսք արտասանեց Գերշ. Տէր Շահէ Արք Փանոսեան, որ ըսաւ, «գումարէն անդին եւ վեր, տագնապի ժամանակներուն մեր կողքին Արցախն ու հայրենիքը ունենալը, մեզի կորով եւ ուժ ներշնչող երեւոյթ է: Յատկապէս, Լիբանանահայ կրթական ասպարէզին ընծայուած օժանդակութիւնը, մեր գոյութիւնը առաւել եւս ամրացնելու նպատակին կը ծառայէ: Էականը, պէտք է մէկս միւսին օժանդակ եւ նեցուկ մնանք, որպէսզի իբրեւ ազգ, հայրենիք եւ Սփիւռք մնանք կանգուն եւ մեր եկեղեցիներով, դպրոցներով ու կառոյցներով առաւել եւս ամրացնենք մեր գոյութիւնը ամէն տեղ:

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

https://www.facebook.com/armprelacylb/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın