İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ԿՈԹՈՂ

Այսօր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձն է։ Վեհափառ Հայրապետը կը դառնայ 69 տարեկան։ Նորին Սրբութեան ծննդեան օրուայ ընդառաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց յատկանշական գիրք մը։ Այսպէս, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ հրատարակուած է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի՝ 1951-2019 թուականներու տարեգրութիւնն ու կենսամատենագիտութիւնը։ Սոյն աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեանի, բանասէր Մայա Գրիգորեանի եւ Գոհար Սարգսեանի կողմէ։ Իսկապէս որակեալ գիրք մըն է այս մէկը, որու տպագրութիւնն ալ կատարուած է խնամքով։ Այս հրատարակութիւնը նուիրուած է Վեհափառ Հայրապետի օծման ու գահակալութեան 20-ամեայ յոբելեանին։

Գիրքը բաղկացած է երկու մասէ։ Առաջին մասը Վեհափառ Հայրապետի 1951-2019 թուականներու տարեգրութիւնն է։ Երկրորդ մասն է Հայոց Հովուապետի կենսամատենագիտութիւնը, որու միջոցաւ թէ՛ մերօրեայ հասարակութեան եւ թէ ապագայ սերունդներուն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռուի լաւագոյնս ճանչնալու եւ անկողմնակալ ու անաչառ կերպով արժանի գնահատական տալու Վեհափառ Հայրապետի նախանձախնդիր եւ արդիւնաւոր 20-ամեայ գործունէութեան։

Աշխատութիւնը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի՝ յատկապէս 21-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակի՝ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ զբաղող մասնագէտներու համար։

Գիրքը տպագրուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/21-08-2020-յոբելենական-կոթող

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın