İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՎԵՐԱՊԱՀՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի մէջ ձեռնարկուած կրթական բարեփոխումները եւ անոնցմով պայմանաւորուած մտահոգութիւնները կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Այս իրավիճակին մէջ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդները, հայրապետական պատուիրակներն ու առաջնորդական տեղապահները վերջերս նամակ մը ուղարկեցին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին։ Այս նամակը ստորագրած են՝ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան (Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ), Տ. Յովակիմ Եպսկ. Մանուկեան (Անգլիոյ հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Վահան Եպսկ. Յովհաննիսեան (Ֆրանսայի հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան (Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ եւ Պուլկարիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ), Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան (Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ), Տ. Տիրան Եպսկ. Պետրոսեան (Կեդրոնական Եւրոպայի եւ սկանտինաւեան երկիրներու հայրապետական պատուիրակ), Տ. Գուսան Վրդ. Ալճանեան (Զուիցերիոյ հայոց թեմի առաջորդական տեղապահ), Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան (Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ)։ 14 օգոստոս թուակիր այս նամակին մէջ բարձրաստիճան հոգեւորականները մատնանշած են հետեւեալը.

*

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ վերջին շաբաթներուն քննարկումներու նիւթ դարձաւ նաեւ հանրակրթական ուսումնական ծրագիրէն «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առանձին դասաժամը դուրս հանելու եւ զայն որպէս «Հայ ժողովուրդի պատմութիւն» դասանիւթի մաս դասաւանդելու հարցը: Հայ Առաքելական Եկեղեցին՝ որպէս հայ գիրի ու դպրութեան հիմնադիր, միշտ խրախուսած է ոչ միայն դպրութիւնը, այլեւ կողմնակից եղած է յառաջադէմ կրթութեան, անոր զարգացումին եւ արդիականացումին: Հայաստանի մէջ անկախութեան վերանուաճումի առաջին իսկ օրէն Հայ Եկեղեցին միշտ ալ փորձած է ըստ կարելւոյն իր գործակից օգտակարութիւնը բերել մատաղ սերունդի կրթութեան գործին՝ ցուցաբերելով բազմակողմանի աջակցութիւն: Մեր համոզումը այն է, որ պէտք է շարունակել այս գործակցութիւնը՝ ի շահ մեր հայրենի պետութեան ու մեր ժողովուրդին: Հարուստ է հայ ազգային եւ հոգեւոր-մշակութային ժառանգութիւնը։ Այդ ժառանգութեան հաւատարիմ՝ մեր նախնիները կրցան դարեր շարունակ պահել ու պահպանել եւ զարգացնել զայն ու փոխանցել ապագայ սերունդներուն։ Մեզի համար միշտ հրամայական է թէ՛ կրթութիւնը եւ թէ՛ անոր ազգային դիմագիծի պահպանութիւնը: Այսօր ալ երիտասարդ սերունդին դաստիարակութիւնը կարեւոր առաքելութիւն է մեզի՝ բոլորիս համար։ Մեր փառաւոր նախնիները «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» սուրբգրային սքանչելազարդ բանաձեւով սերունդներ դաստիարակեցին ու ապահովեցին հայութեան յաւերժական երթը պատմութեան ոլորապտոյտ խաչմերուկներուն։ Հերթը մե՛րն է։ Մարտահրաւէրները շատ են ու բազմաբնոյթ։ Մենք պէտք է կարենանք դաստիարակել նոր սերունդի զաւակներ, որոնք գիտակից են ու հպարտ իրենց նախնիներուն հարուստ ժառանգութեամբ եւ նաեւ պատրաստ կերտելու մեր նոր ժամանակակից հայրենիքը՝ հեռու ամէն տեսակի ապականութիւններէ ու եղծումներէ, ուր կայ սէր, յարգանք եւ միասնականութիւն՝ ի շահ մեր ազգային նպատակներուն։ Վերոշարադրեալը նկատի ունենալով՝ մենք՝ Հայ Եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմերու առաջնորդներս, հայրապետական պատուիրակներս եւ առաջնորդական տեղապահներս, կը դիմենք Ձեզի եւ յանձին Ձեր՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ առժամապէս կասեցնելու հանրակրթութեան չափորոշիչները կիրարկելու գործընթացը։ Մենք համոզուած ենք, որ պէտք է այս յոյժ կենսական նշանակութեամբ հարցին համար աւելի երկար ժամանակ տրամադրել եւ հայաստանցի ու սփիւռքեան մանկավարժ-մասնագէտներու մասնակցութեամբ ստեղծել լայն ու համակողմանի քննարկումներու հարթակ մը, որոնց շնորհիւ, մենք աւելի քան վստահ ենք, կը գտնուի այն դրական լուծումը, որ ամբողջութեամբ կը ծառայէ մեր նոր սերունդին արդիւնաւէտ, բազմակողմանի, բայց նաեւ հայեցի ճիշդ դաստիարակութեան։ Մենք վստահ ենք նաեւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ կեանքի կոչուած համատեղ յանձնաժողովին մէջ կարելի կ՚ըլլայ համակողմանի քննարկումներ ծաւալել նաեւ «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասաժամին շուրջ եւ նաեւ այս առընչութեամբ գտնել երկուստեք ընդունելի բարւոք լուծումներ։ Առիթը օգտագործելով կը յղենք Ձեզի եւ յանձին Ձեր հայրենի կառավարութեան՝ մեր լաւագոյն բարեմաղթանքները եւ սաղմոսերգուի բառերով կը հայցենք. «Օրհնեսցէ՛ զքեզ Տէր եւ պահեսցէ՛ զքեզ. եւ երեւեցուսցէ՛ զերեսս իւր ի քեզ, եւ ողորմեսցի՛ քեզ. Ամբարձցէ՛ Տէր զերեսս իւր ի քեզ, եւ տացէ քեզ խաղաղութիւն» (Թիւք Զ 25-27)։

http://www.jamanak.com/content/եկեղեցական/21-08-2020-հերթական-վերապահութիւն

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın