İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԱՆԿԵՂԾ ԵՒ ԾԱՆՐԱԿՇԻՌ

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Իշխանութենէն հեռանալէ երկու տարի վերջ ան առաջին անգամ զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած մամլոյ ասուլիս մըն էր այս մէկը։ Երեւանի արուարձաններէն Աւանի մէջ, «Հարսնաքար» ճաշարանային համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիսը՝ բացօթեայ, կանաչ տարածքի մէջ, համաճարակով պայմանաւորուած բոլոր սահմանափակումներով։ Հայաստանի Ազգային ժողովին մօտ հաւատարմագրուած բոլոր լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները անխտիր հնարաւորութիւն ունեցան հետեւելու Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւններուն։ Մամլոյ ասուլիսը վարեց Մերի Յարութիւնեան, որ նախկին նախագահի գրասենեակի պատասխանատուն է։

Հաւաքոյթի ընթացքին Սերժ Սարգսեան նախ խօսեցաւ ներածական մը եւ աւելի վերջ մի առ մի պատասխանեց իրեն ուղղուած հարցումներուն։ Երէկուան ասուլիսի նիւթն էր 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը։ Սերժ Սարգսեան անկեղծ եւ ծանրակշիռ յայտարարութիւններ ըրաւ այս մասին։ Ան համոզիչ խորհրդածութիւններ ներկայացուց այդ պատերազմի մանրամասնութիւններուն շուրջ։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի Ազգային ժողովը ներկայիս քննիչ յանձնաժողովի մը միջոցաւ ապրիլեան քառօրեան խոշորացոյցի տակ առած է։ Կը նախատեսուի, որ յառաջիկային յանձնաժողովը հրապարակէ տեղեկագիր մը։ Սերժ Սարգսեանն ալ քանի մը ամիս առաջ խորհրդարան այցելելով պատասխանած էր յանձնաժողովի անդամներու զանազան հարցումներուն։ Ան երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին սկզբունքօրէն չպատասխանեց յանձնաժողովի անդամներու կամ զանազան պաշտօնեաներու կողմէ արտայայտուած տեսակէտներուն։ Սերժ Սարգսեան յայտնեց, որ նպատակայարմար կը գտնէ յանձնաժողովի տեղեկագրի հրապարակումէն վերջ անդրադառնալ պաշտօնեաներու խօսքերուն կամ այդ տեղեկագրէն ծնունդ առնելիք վիճելի, տարակուսելի կէտերուն։

Անշուշտ, լրագրողները բազմաբնոյթ հարցումներ հարցուցին Սերժ Սարգսեանին։ Քանի մը ժամուան տեւողութեան Սերժ Սարգսեան նախընտրեց բացառապէս ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին վերաբերեալ հարցումներուն պատասխանել։ Տարբեր բնոյթով իւրաքանչիւր հարցման պարագային ան յայտնեց, որ յառաջիկային այլ թեմաթիք մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպէ՝ մնացեալ խնդիրներուն անդրադառնալու համար. օրինակ՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը, Երեւանի արտաքին քաղաքականութիւնը, Հայաստանի 2016 թուականի գարնան իրադարձութիւնները եւ այլն։

Սերժ Սարգսեան երէկուան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին մեկնաբանեց, թէ 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի եւ վերջերս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի վրայ տեղի ունեցած բախումները ինչ տարբերութիւններ կամ նմանութիւններ ունէին։ 2016-ի քառօրեային շուրջ ան սրտբացօրէն պատասխանեց այն բոլոր պնդումներուն, որոնք հանրային կարծիքի օրակարգին վրայ եկած են։ Այդ ժամանակուայ սպառազինութիւններէն սկսեալ, մինչեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու վերաբերեալ վերագրումները՝ Սերժ Սարգսեան փորձեց բիւրեղացնել ամէն ինչ։ Սարգսեան էապէս կարեւորեց նաեւ ապրիլեան քառօրեային յաջորդած մթնոլորտին մէջ Ատրպէյճանի հետ ձեռք բերուած Վիեննայի եւ Սեն Փեթերսպուրկի պայմանաւորուածութիւնները։ Ըստ իրեն, այդ ժամանակ հայկական դիւանագիտութիւնը շատ աւելի ճկուն էր։ Այսօրուան իրավիճակին հետ բաղդատութիւն մը ընելով՝ Սերժ Սարգսեան մէջբերեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու վերջին յայտարարութիւնները, ըստ որոնց Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ գործընթացը այժմ կը գտնուի փակուղիի մէջ։ Այս տուեալի լոյսին տակ, Հայաստանի նախկին նախագահը հաւանական նկատեց Ատրպէյճանի հետ նոր պատերազմի մը վերսկսումը։

Թէեւ մամլոյ ասուլիսի ընդհանուրին մէջ շատ կարճ փուլ մըն էր, սակայն Սերժ Սարգսեան կարեւոր յայտարարութիւններ ըրաւ նաեւ 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ժամանակ Թուրքիոյ ունեցած դերակատարութեան շուրջ։ Ան յիշեցուց, թէ 2016 թուականին Թուրքիա եղած էր միակ երկիրը, որ Ատրպէյճանի սանձազերծուած բախումները չէր պախարակած։ Սա կը նշանակէ, որ Թուրքիա անվերապահօրէն կ՚ընդունի այն ինչ, որ Ատրպէյճանի համար նպաստաւոր է։ Այդ ժամանակ արդեօք Թուրքիա դրդա՞ծ էր Ատրպէյճանը՝ ռազմական գործողութիւններ սկսելու համար։ Թուրքիա որեւէ մասնակցութիւն ունեցա՞ծ էր՝ Ատրպէյճանի կողմէ առ-նըւած համապատասխան որոշման։ Ըստ Սերժ Սարգսեանի, այս հարցումներուն շուրջ վերջնական տուեալներ կամ ապացոյցներ չկան։ Բայց եւ այնպէս, Հայաստան անհերքելի ստոյգ հիմնաւորումներ եւ տուեալներ ունի, թէ քառօրեայ պատերազմի տեւողութեան Ատրպէյճանի մէջ կը գտնուէին թէ՛ Թուրքիայէն եւ թէ Իսրայէլէն մասնագէտներ։ Ըստ նախկին նախագահի, սա եղած է յստակ։  

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F20-08-2020-անկեղծ-եւ-ծանրակշիռ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın