İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Միասին յանուն Լիբանանի». հայ երիտասարդներու նախաձեռնութիւնը ՝օգնել վնասուած հայորդիներուն

«Լիբանանի համար պէտք է անպայման  բան մը ընել»այդպէս մտածեցին խումբ մը լիբանանահայ երիտասարդներ եւ յանձն առին նիւթական շօշափելի օժանդակութիւն ցոյց տալ Պէյրութի պայթումին հետեւանքով մեծապէս տուժած մեր հայրենակիցներուն։ 

 Նախաձեռնութիւնը  կոչեցին Together for Lebanon  եւ  գործի  անցան։

 Վերջին տարիներուն Փարիզ հաստատուած Ասպետ Հարմանտաեանը արագօրէն կապ հաստատած է  Պէյրութի իր ընկերներուն հետ եւ անցած  գործի։ Ստեղծուաեցաւ պէյրութեան կորիզ մը, որ գետնի վրայ պիտի հաւաքագրէր պայթումին հետեւանքով վնասներ կրած քաղաքացիներուն ընդհանուր վիճակը, եւ որուն արդիւնքով ալ կազմուեցան յատուկ խմբակներ օգնութեան գործը առաջ տանելու համար։

 Անկախ յարանուանական, միութենական, կուսակցական եւ նոյնիսկ կրօնական տարբերութիւններէ տղաքը օգնութեան փութացին եւ հաւաքեցին աւելի քան 25.000 ամն տոլար։

 Իր կարգին Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեան համակարգեց  Պէյրութի աշխատանքները    պէյրութաբնակ   ընկերներու հետ ստեղծելով աշխատանքները  համակարգող   կորիզ մը։

Ասպետ Հարմանտայեանի եւ Խաչիկ-Հրակ Տէմիրճեանի հետ Սագօ Արեանի կատարած հարազրոյցի ամբողջութիւնը՝ տեսանիւթով։

http://arevelk.am/am/content/2/5273/«Միասին-յանուն-Լիբանանի».-հայ-երիտասարդներու-նախաձեռնութիւնը-՝օգնել-վնասուած-հայորդիներուն.html?fbclid=IwAR2wdSd6ET_s_xjaE43SYcEib0vsz-gEwZKaHCTrQqfMCiPYFKOvSvMsVns

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın