İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Ընթացք Առաւ Լիբանանահայ Օժանդակութեան Պէզիքեան Ծրագիրը

Այսու կը տեղեկացնենք, որ երեքշաբթի, 18 օգոստոս 2020-ին, կարիքաւոր ընտանիքներու դրամական նպաստներ տրամադրելով, գործնականօրէն ընթացք կ՛առնէ Լիբանանահայ օժանդակութեան Պէզիքեան ծրագիրը:

Արդարեւ, յառաջիկայ օրերուն, Լիբանանի հայոց թեմի զանազան շրջաններուն մէջ եւ կամաւորներու աջակցութեամբ, Պէզիքեան ծրագիրի Գործադիր վարչութիւնը պիտի իրականացնէ հինգ ամիսներու համար նախատեսուած օժանդակութեան ծրագիրի առաջին մասը` կանխիկ յանձնելով օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներուն համար նկատի առնուած գումարները:

Լիայոյս ենք, որ տէր եւ տիկին Ալլեքօ եւ Անի Պէզիքեաններու փափաքին համաձայն, վերոնշեալ օժանդակութեան շնորհիւ, տնտեսական եւ ընկերային ծանր կացութեան մատնուած 3000 հայ ընտանիքներ պիտի յաջողին որոշապէս բարելաւել իրենց կեանքի պայմանները:

ԼԻԲԱՆԱՆԱՀԱՅ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ 
ՊԷԶԻՔԵԱՆ ԾՐԱԳԻՐԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ

http://www.aztagdaily.com/archives/480737?fbclid=IwAR3eyxcpLgpAmHSjj8wvVNdCb3jesg4rYRo5dIDBMHIY_uK5nHpHdJ3X9DA

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın