İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հալէպ․ ամէն տուն մտած է վարակը տարբեր աստիճաններով

Մանուէլ Քէշիշեան

Հալէպ․ ամէն տուն մտած է վարակը տարբեր աստիճաններով

Գորոնա վիրուսի համաճարակը շատ արագ կը տարածուի Սուրիոյ մէջ, զգալի թիւով մարդկային զոհեր խլելով նաեւ հալէպահայ գաղութի զսւակներէն: Ստեղծուած տագնապալի վիճակին մասին հարցազրոյց ունեցանք, «Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ» բարեսիրական հաստատութեան Սուրիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի տիկին Թալին Թօփալաքեանին հետ:

ՍիվիլՆեթ – Տիկին Թոփալաքեան, կրնա՞ք ամփոփ ձեւով ներկայացնել սուրիահայութեան ներկայ վիճակը:

Տիկին Թոփալաքեան-Սուրիահայութիւնը 10 տարի դաժան պատերազմէ ետք կը գտնուի նոր մարտահրաւէրի դիմաց, այս անգամ կը պատերազմինք տարբեր տեսակի՝ անյայտ թշնամիի դէմ:

Վերջին  2 շաբթուայ ընթացքին Covid-19 համաճարակը անկասելի կերպով կը տարածուի Հալէպի մէջ:

Պատերազմին պատճառած տնտեսական ճգնաժամը, սուրիական լիրայի անկումը, սղաճը, շրջափակումն ու անմարդկային պատժամիջոցները և անգործութիւնը ծանր կացութեան մատնած են Համայնքի բոլոր զաւակները, որոնք կարելիութիւն չունին այս օրերուն հայթայթելու  դիմադրողականութիւնը զօրացնելու անհրաժեշտ առողջապահական սնունդ ինչպես նաև հականեխիչ մաքրութեան նիւթեր:«Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ»ի Հալէպեան անձնակազմըՍիվիլՆեթ – Իմացանք որ դեղերու զգալի պակաս կայ Սուրիոյ մէջ: Ի՞նչն է պատճառը:

Տիկին Թոփալաքեան-Սուրիոյ հանդեպ կիրառուող նոր, յաւելեալ պատժամիջոցները, Սուրիա դեղօրայք արտածելու արտածող բարեկամ երկիրներու մէջ առընչուող գործարաններու փակուիլը համաճարակի պատճառաւ, հում նիւթերու ներածման դժուարութիւնը և պետականօրէն դեղօրայքի սղութիւնը արդէն պատճառ դարձած էին դեղօրայքի տագնապի յառաջացման 2020-ի սկիզբներէն: Սուրիոյ մէջ համաճարակի բռնկումի մտահոգութեան հետևանքով բոլորը խուճապ ստեղծելով փութացին անհրաժեշտ դեղօրայք ապահովելու, որ սրեց արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տագնապը:

Ներկայիս արդէն անտանելի են համաճարակի կանխարգիլման և բուժման անհրաժեշտ բոլոր դեղերը, առաւել ևս բժշկական հականեխիչ նիւթերը:

ՍիվիլՆեթ -Ուրիշ ի՞նչի պակաս ունիք:

Տիկին Թոփաթաքեան – Չափազանցութիւն չէ ըսել թէ ամէն տուն մտած է վարակը տարբեր աստիճաններով:

Հիւանդանոցները խճողուած են և կարողութիւն չունին եկած բոլոր հիւանդները ընդունելուժ, բժշկական անհրաժեշտ սարքաւորումներ չկան, միայն քիչ թուով PCR-ի քննութիւն կատարելու հնարաւորութիւն ունի երկիրը, այն ալ միայն Դամասկոսի մէջ, այժմ քննութեան կեդրոններ կը բացուին նաեւ Հալէպի ու Լաթաքիոյ մէջ. մասնագէտ բժիշկներու զգալի պակաս կայ, հարկ է յիշել որ ներկայ բժիշկները աւելի քան անձնուիրաբար կը գործեն, սակայն անոնց մէջ ալ կան վարակուողներ և մահացողներ:

Ցաւօք սրտի կարգ մը մասնաւոր հիւանդանոցներ շահագործելով ստեղծուած ողբերգական վիճակը չափազանց մեծ գումարներ կը գանձեն հիւանդներէն:

ՍիվիլՆեթ -Հայ համայնքի կառոյցները ի՞նչ աշխատանք կը տանին թեթեւցնելու համայնքին ցաւերը:

Տիկին Թոփալաքեան-Հայ համայնքը իր բոլոր կառույցներով՝ եկեղեցիներով, միութիւններով և բարեսիրական հաստատութիւններով, իր կողքին ունենալով ՀՀ Հիւպատոսութիւնն ու մարդասիրական առաքելութեան խումբը, իրենց կարելին ըրին թեթևցնելու գաղութի զաւակներու ծանր բեռը:

Հիմա ալ համայնքի պատասխանատուները կը փորձեն ամէն կերպ օգտակար դառնալ գաղութի զաւակներուն, որոնք  Սուրիոյ երանգապնակին մաս կազմելով  մատնուած են երկրին մէջ տիրող նոյն անելանելի վիճակին:

Դժբախտաբար, սրտի մեծ ցաւ է Հալէպի մէջ վերջին 2 շաբթուայ ընթացքին ունենալ տասէ աւելի համաճարակի զոհեր, որոնք համայնքին մէջ գործօն անդամներ էին, կան նաեւ մեծ թիւով հայ հիւանդներ հիւանդանոցներէ ներս:

Ցաւօք սրտի համաճարակի տարածման նպաստեցին մեր ժողովուրդի մեծամասնութեան անլուրջ վերաբերմունքն ու անտարբերութիւնը համաճարակի հանդեպ, հարկ է յիշել նաև որ մեծամասնութիւնը ստիպուած էր իր օրապահիկը ապահովելու համար աշխատելու և շփումներ ունենալու:

ՍիվիլՆեթ – Ըստ ձեզի, որո՞նք են ներկայի առաջնահերթութիւնները:

Տիկին Թոփալաքեան. – Բժշկական սարքաւորումներու և հիւանդանոցային անկողիններու թիւի յաւելում հիւանդանոցներէն ներս:

-Համաճարակի կանխարգիլման, բուժման ու դիմադրողականութիւն զօրացնող անհրաժեշտ դեղօրայք, դիմակապեր և կենսական հականեխիչ նիւթեր:

–       Մասնագէտ բժիշկներ:  

–       Հիւանդներուն և անոնց ընտանիքներուն նիւթական և բարոյական աջակցութիւն:

Յուսադրուած ենք եւ շնորհակալ որ վերջին մի քանի օրերուն ՀՀ պետութիւնը եւ սփիւռքի տարբեր ղեկավարութիւններ արձագանգած են արդեն Հալեպի մէջ տիրող տխուր իրավիճակին եւ պատասխանատու մարմիններու հետ  կը քննարկեն օգնութիւն հասցնելու ձեւերը։

ՍիվիլՆեթ- Դուք, որպէս բարեսիրական հաստատութիւն, ինչպէ՞ս օգտակար կը դառնաք համայնքի զաւակներուն:

Տիկին Թոփալաքեան-Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկը Սուրիոյ մէջ իր երեք մանաճիւղերով (Հալէպ – Դամասկոս – Գամիշլի) ինչպէս միշտ անխտիր համայնքի բոլոր զաւակներուն (ներկայիս գտնուած) քրօնիք դեղօրայքի, և հիւանդանոցային ու բժշկական ծախսերուն իր զգալի մասնակցութիւնը կը բերէ, հիմնականը մեր ծրագիրներէն բժշկական ծախսերու օժանդակելն է։ ընտանեկան նիւթական օգնութիւններ եւ սննդակողովներ կը տրամադրենք,  հականեխիչ և մաքրութեան անհրաժեշտ նիւթեր տրամադրեցինք վերջին շրջանին։

Հիմա ընդհանուր կեդրոնէն հասած մասնաւոր գումարով մը առաջնահերթութիւնը պիտի տանք Covid 19-ով տառապող հիւանդներու հիւանդանոցային և այլ ծախսերուն մասնակցութիւն բերելու, համագործակցութեամբ համայնքի բոլոր կառույցներուն, ջանալով կարելիութեան սահմաններուն մէջ լաւագոյնը մատուցելու:

Ցաւօք չենք գիտեր թէ որքան պիտի տևէ համաճարակը և որքան պիտի ըլլան վարակուողներուն թիւերը, և մեր կաելիութիւնները բնականաբար կը մնան սահմանափակ այս անելանելի վիճակին և հսկայ պահանջքին դիմաց, բարեբախտաբար ԱՄՆ-ի Ճ. Յ. Ձեռնարկի ընդհանուր կեդրոնը եւ տնօրէնուհին  մօտէն կը հետաքրրքրուին սուրիահայութեամբ եւ ամբողջապէս կը  սատարեն  ու կը զօրակցին մեզի, առաւել կը վայելենք Սուրիոյ մէջ 3 Համայնքապետերու մշտական օրհնութիւնը:

Կը ցաւակցինք զոհերու ընտանիքներուն, հիւանդներուն կը մաղթենք շուտափոյթ ապաքինում:

Առողջութիւն և խաղաղութիւն հալէպահայութեան, սուրիահայության, ամբողջ հայութեան եւ համայն աշխարհին:

ՍիվիլՆեթ-Առողջութիւն եւ խաղաղութիւն նաեւ ձեզի, տիկին Թոփալաքեան:

Հալէպ 16-8-2020

https://www.civilnet.am/news/2020/08/17/Հալէպ%E2%80%A4-ամէն-տուն-մտած-է-վարակը-տարբեր-աստիճաններով/392730

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın