İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանին մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, Հայաստանի Խորհրդարանի Լիբանան-Հայաստան բարեկամութեան յանձնախումբի ատենապետ Հրաչեայ Յակոբեան, Հայաստան-Սփիւռք հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան եւ նոյն բաժանմունքի տնօրէնուհի Սառա Անճարկոլեան, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի տնօրէն Հայկակ Արշամեան եւ փոխ-վարչապետի գրասենեակի օգնական Սերժ Վարագ Սիսերեան:

Պատուիրակութիւնը Լիբանան ժամանած էր Հայաստանին կողմէ երեք հանգրուաններով Լիբանանին համար կատարուելիք օժանդակութեանց առաջին հանգրուանին թռիչքին հետ: Պատուիրակութիւնը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր առաքելութեան նպատակը եւ յատկապէս Լիբանանի հայութեան կատարուելիք օժանդակութեան զանազան երեսները:

Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանի պետութեան, թէ՛ Լիբանանի եւ թէ՛ հայ համայնքին իրենց կատարելիք օժանդակութեանց համար: Միաժամանակ ան յիշեցուց, որ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին գծով կատարուելիք նիւթական օժանդակութիւնը պէտք է ըլլայ միասնական ճիգով եւ կազմակերպուած կերպով: Հետեւաբար, փոխանակ մասնակի հանգանակութիւններ ու նուիրատուութիւններ կատարելու կամ կազմակերպելու, այդ աշխատանքները պէտք է կատարուին Կաթողիկոսարանի եւ «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամին կողմէ հաստատուած յատուկ հաշիւներու ճամբով:

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/?__tn__=kC-R&eid=ARDQ6cm4Wmwx_VkSxZUQ8_8hmWzUntfN3120axV5qGzd0Lvhr7znRjBMfE87fSQjrPw7w6b7rJi3XTmD&hc_ref=ARRhlHSnKq2nUqonywmgxb0fv1gULQ_cUP5c5kL8R1LWigmJVbNtLlvci3vyqbLAs5A&fref=nf&__xts__[0]=68.ARAYLzdzZBGBlzXoqVxLikfq-LEAbOZf1PnYmTElf5c1D9u3LOh12ebyEAQI_X6rnRz6Rqc-auPfMT7B2kU4CPtzdFZbpSR4SysdiLGx_7rbG7Tr3qpyAi3s9khPotK-E1NyIVNCjqXcIRv8Qo03d1XUMjG9amRDXph7Unjdza2SFhOTLWbkaHLx6lb3KEBh2cenp0rZqDiPTCsDeTBUyq5tVb56K5mJLHXfN8cYB6Hk8oWe0xuijADdSlGbc4CGM9TYxgDYn3DVSSJ1zQp5Zgs1Gurqff-YHPP2Nc1Eeyq0bBCzZ0UVp9M2r2xbWe80dQtU8xZnd4hVqlcRqlgCdL7swpctt_eI36inwKWw2zevlkGUz0eMcXI

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın