İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԵՌԱՁԱՅՆԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՎՍԵՄԱՇՈՒՔ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՄԻՋԵՒ

Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային խորհրդակցութիւն մը: Վարչապետը մօտէն հետաքրքրուեցաւ ընդհանրապէս պայթումէն ետք Լիբանանի պարզած ներկայ կացութեան ու յատկապէս Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն գծով: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ կատարուելիք օժանդակութեանց թէ՛ Լիբանանի պետութեան եւ թէ՛ հայ համայնքին:

Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին փոխանցեց ընդհանուր տեղեկութիւններ Լիբանանի հայ համայնքին կրած վնասներուն շուրջ: Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնեց Հայաստանին ցուցաբերած գործնական զօրակցութեան նկատմամբ: Վարչապետը յայտնեց, թէ Վեհափառ Հայրապետին հետ անհրաժեշտ է որ խորհրդակցութիւնները շարունակուին, որպէսզի Հայաստանի կողմէ կատարուելիք օժանդակութիւնները ըլլան օգտաշատ:

https://www.facebook.com/CatholicosAramI/?__tn__=kC-R&eid=ARDQ6cm4Wmwx_VkSxZUQ8_8hmWzUntfN3120axV5qGzd0Lvhr7znRjBMfE87fSQjrPw7w6b7rJi3XTmD&hc_ref=ARRhlHSnKq2nUqonywmgxb0fv1gULQ_cUP5c5kL8R1LWigmJVbNtLlvci3vyqbLAs5A&fref=nf

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın