İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Չարլզ Միշըլ եւ Ռալֆ Թարրաֆ այցելեցին Հ.Գարակէօզեան կեդրոն – Վիտէօ

Հայթերթ – Սերոբ Օհանյան

Երեքշաբթի 4 օգոստոսի Պէյրութը ցնցած ահաւոր պայթումին կատարած հետեւանքներուն մօտէն ծանօթանալու միտումով՝ Շաբաթ, 8 օգոստոս 2020-ի երեկոյեան ժամը 4:30-ին Հ.Գարակէօզեան կեդրոն այցելեց Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ՝ Չարլզ Միշըլ ընկերակցութեամբ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ ԹարրաֆԻ։ Անոնք դիմաւորուեցան հաստատութեան տնօրէն Սերոբ Օհանեանի կողմէ։

Ս. Օհանեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ըսելով՝ «թէեւ նիւթական մեծ վնասներ կրեցինք եւ մեր շէնքը գրեթէ կիսաքանդ վիճակի հասաւ , սակայն չընկրկեցանք, չյուսահատեցանք այլ հաւաքական ճիքով եւ մեր առաքելութեան հաւատարիմ, անմիջապէս առաջին հիմնական մաքրութեան գործը կատարեցինք, եւ հինգշաբթի օր արդէն իսկ կրցանք ընդունիլ 341, ուրբաթ 300 եւ շաբաթ 100 պարագներ եւ անոնց տրամադրեցինք բժշկական անմիջական խնամք եւ դեղորայք»։

Ապա ներկաները շրջեցան դարմանատան սենեակները, զրոյց ունեցան այնտեղ բուժուող հիւանդներուն, բժիշկներուն եւ բոյժքոյրերուն հետ։

Աւարտին Սերոբ Օհանեան Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Չարլզ Միշըլին եւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Ռալֆ Թարրաֆին նուիրեց հայկական նուռը՝ որպէս կեանքի, ծաղկման եւ առատութեան խորհրդանիշ։

Պէյրութի Գարակէօզեան կեդրոնի համար ձեր օժանդակութիւնը կըրնաք բերէլ հետեւիալ կայքէ (Հայթերթ)

https://gf.me/u/ynvhsd

 

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın