İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

Հայրապետական Պատգամ

Մեր ժողովուրդի զաւակներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, որ Կիրակի, 9 Օգոստոս 2020-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, անցնող օրերուն Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումին լոյսին տակ, իր հայրական պատգամը պիտի փոխանցէ՝ ի զօրակցութիւն մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ 

Ս. Պատարագի աւարտին, հանդիսապետութեամբ Վեհափառ Հայրապետին, նաեւ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի պայթումին հետեւանքով զոհուած բոլոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար։

https://www.facebook.com/holyseeofcilicia/photos/a.167499119938485/3278586842163015/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın