İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ի գիտութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, այսու կը ծանուցենք, որ յառաջիկայ Կիրակի, Օգոստոս 9, 2020-ին, Լիբանանի Հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս պիտի կատարուի պաշտամունք եւ պայթումի պատճառով զոհուածներու յիշատակին համար ալ՝ հոգեհանգստեան պաշտօն։ 

Հետեւաբար, հոն ուր կարել է (նոյնիսկ եթէ Եկեղեցին առանց դուռի ու պատուհանի է), պիտի մատուցուի Ս. Պատարագ եւ մատակարարուի Ս. հաղորդութիւն. իսկ հոն ուր մարդոց կեանքը կրնայ նուազագոյն չափով վտանգուիլ, Եկեղեցւոյ մէջ կամ նոյնիսկ դուրսը՝ մայր դրան մօտ, անպայմանօրէն տեղի պիտի ունենայ խտացեալ ժամերգութիւն եւ կատարուի հոգեհանգստեան կարգ։ 

Սկիզբ արարողութեան՝ առաւօտեան ժամը 9։30

Ուստի, վստահ ըլաով որ մեր Տէրը անպատասխան պիտի չձգէ իրեն յուսացողները, առանց անտեսելու Քորոնա համաճարակին վտանգները, կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդը աղօթքով գտնելու մխիթարութիւն ու կորով։

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ
Լիբանանի Հայոց Թեմին

https://www.facebook.com/armprelacylb/photos/a.377088545792919/1584382711730157/?type=3&theater

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın