İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԿՈՉ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն բլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ յառաջացած են։ Աշխարհի երկիրներու կարգին Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը եւս յայտնած է ցաւակցութիւն եւ պետական տնօրինութեամբ անմիջական օժանդակութիւն առաքուած է Լիբանան։ 

Լիբանանահայ գաղութի անդամները եւս կրած են նիւթական եւ բարոյական վնասներ։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, առաջին իսկ մէկ օրէն ցաւակցած է՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին եւ հետաքրքրուած՝ գաղութի ընդհանուր վիճակով։ 

Մեր ժողովուրդին համար քաղցր պարտականութիւն է օժանդակել մեր եղբայրներուն ու մաս կազմել՝ համաշխարհային չափանիշով կատարուած մարդասիրական օժանդակութեան, յատկապէս Ս. Աստուածածնայ տաղաւարին պատրաստութեան այս շրջանին։ Պատրիարքական Աթոռոյ Հոգեւորականաց Դասը օժանդակութեան սոյն արշաւը կը բանայ առաջին առթիւ յատկացնելով 7.000,00 ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՕԼԱՐ։

Այսու կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն, որպէսզի իրենց կարելիութիւնները ի սպաս դնեն սոյն մարդասիրական նպատակին ծառայելու համար եւ հանգանակութիւններէ ձեռք բերելի գումարները կեդրոնացնել Պատրիարքական Աթոռոյս հետեւեալ հաշիւներուն՝ “LUBNANA DESTEK” բացատրութիւնը աւելցնելով։ Հանգանակութեան աւարտին, Պատրիարքարանի Դիւանի միջոցաւ տեղեկութիւն պիտի փոխանցուի մեր համայնքին։

Գիտենք, թէ կարիքը մեծ է, սակայն եւ այնպէս մեր օժանդակութիւնը կը դառնայ պտղունց մը աղ, նման՝ այրի կնոջ լումային (Մարկոս 12.41-44)։ Վստահ ենք, թէ Աստուած պիտի օրհնէ բարեսիրական եւ մարդասիրական այս կոչին ընդառաջողները եւ վարձահատոյց պիտի ըլլայ բոլորին։ 

Տէր Աստուած օգնական ըլլայ Լիբանանի ժողովուրդին եւ Լիբանանահայ մեր եղբայրներուն, որպէսզի այս դժուարին պահերուն իրենց յոյսը դնելով Աստուծոյ եւ մարդասէր անհատներու ցուցաբերած սիրոյն ու խանդաղատանքին, ստանան մխիթարութիւն։ Թող Տէրը բարերարները հեռու պահէ ամէն տեսակի փորձութենէ եւ աղէտներէ։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ

https://www.facebook.com/127576530735572/posts/1598183670341510/

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın