İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԼԻԲԱՆԱՆԸ ՑՆՑՈՂ ՊԱՅԹՈՒՄԷՆ ԵՏՔ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՄՕՏԷՆ ՀԵՏԵՒԵՑԱՒ 
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԵՒ ԿԱՌՈՒՅՑՆԵՐՈՒ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ

Այսօր, 5 օգոստոս 2020-ին առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Լիբանանի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Շահէ Արք․ Փանոսեան ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ պրն․ Րաֆֆի Սիսլեանին շրջագայեցաւ 4 Օգոստոսին տեղի ունեցած պայթումին պատճառով վնասներ կրած եկեղեցիներն ու կառոյցները՝ մօտէն ծանօթանալու կացութեան եւ ստեղծուած պայմաններուն։

Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց Ս․ Նշան մայր եկեղեցի, Ս․ Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, Ս․ Սարգիս եկեղեցի, Ս․ Վարդանանց եկեղեցի, Ս․ Աստուածածին եկեղեցի, Ս․ Գէորգ եկեղեցի, Ս․ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցի, Ս․ Յակոբ եկեղեցի եւ Ռըմէյլի Ս․ Յարութիւն եկեղեցի, ուր քննելէ ետք պայթումին գործած աւերները, հանդիպումներ ունեցաւ ծխատէր քահանայ հայրերուն, թաղական խորհուրդներու անդամներուն եւ շրջանի պատասխանատուներուն հետ։

Շահէ Արք․ Փանոսեան օրուան ընթացքին այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ քաղաքապետ պրն․ Մարտիկ Պօղոսեանին հետ։ Այցելութիւններ նաեւ կատարուեցան Ազգային միացեալ վարժարան, ԼՕԽ-ի «Ա․ Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոն, Գարակէօզեան հաստատութիւն, Առաջնորդարանի ընկերային բաժանմունք եւ Հաճընի Հայկական Կրթական-բարեսիրական միութեան դարմանատուն։

Իր կատարած այցելութիւններու շարքին, Առաջնորդ Սրբազանը Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ նաեւ առիթ ունեցաւ հանդիպելու Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհ․ Տ․ Գէորգ Եպս․ Ասատուրեանին հետ։

Այցելութիւններուն ընթացքին, Սրբազան հայրը շեշտեց, որ կառոյցներն ու եկեղեցիները պէտք է ունենան վերականգման եւ վերանորոգման պատկերացումներ։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

https://www.facebook.com/armprelacylb/?__tn__=kC-R&eid=ARC9MF9kodVfm0Ky6d5zEtpxFXWtnmowCfPC5–mQm0YmqfEJjCDcToRikKHZVFeDOHPwunLV2_57tEF&hc_ref=ARRTLyq5darkpWnY08cCN3aJb5m-ubQ-BeAJx7yQitWWstwRffQ5yYdDKwOP3Qa-Cp8&fref=nf&__xts__[0]=68.ARD4V9bUVPwJWoAVcYHRVN7n9sW14lzrt8LpXphX0aZSNShfNAQ7z0B7UWXmFwsTcubcNQVeNLNkPHlU0fgrDeX8H-das8DstIw0IDrFMydgcPc7CkvP9xNTKszPHDTnxPmbi1IdSiHaVsXUoT6HRylZj388A9I6gM7wN9eJvQvPiXqbatAsOA2-wgB5cZLQMGbh1KvYZCZdnyBt77Qu7MHvfWITqfLDZQ8-CZY1Nou9dxxyfMw9KQe_K7rdPU6TdVqg8Z6aLzhQiWzsRn-EeapzS7lG8jyKJ3Ps4f39foqlK6W0ZeFQY6gPHcWMT05zW_2ctisnrEosvE2jZosG0CjIZb11RmlSFPBEg8N7PQkcDq3xGVVLx1k

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın