İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«ՄԵՐ ՀԱՅԵՐ» ՆՈՐԱՍՏԵՂԾ ՀԱՐԹԱԿԸ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ ԽԱՂՈՂԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ՄԸ

Համայնքային շրջանակներէն ներս վերջերս ձեւաւորուած է «Մեր հայեր» անունով զօրակցութեան հարթակ մը, որ ընկերային գետնի վրայ գործունէութիւն ծաւալել կը նախատեսէ։ Այս հարթակի ներկայացուցիչները վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցան ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի նահանգային կազմակերպութեան ղեկավար Ճանան Քաֆթանճըօղլուի հետ։ «Մեր հայեր» հարթակը կը ծրագրէ յառաջիկայ 16 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ, Գնալը կղզիի վրայ կազմակերպել խաղողի խրախճանք մը։ Հարթակի ներկայացուցիչները Ճանան Քաֆթանճըօղլուին բացատրութիւններ տուին այս ծրագրին շուրջ եւ զինքը հրաւիրեցին մասնակցելու։ Ճանան Քաֆթանճըօղլու լսեց իրեն ներկայացուած բացատրութիւնները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց ընդառաջելու համար հրաւէրին։ 

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F4-08-2020-«մեր-հայեր»-նորաստեղծ-հարթակը-կը-կազմակերպէ-խաղողի-խրախճանք-մը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın