İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՄԵՐ ՀԱՄԱՅՆՔԷՆ ԱՐՄԱՆ ՊԸՉԱՔՃԸ ԱՄՈՒՍՆԱՑԱՒ ԴԵՐԱՍԱՆՈՒՀԻ ՍՈՆԿԻՒԼ ԷՕՏԷՆԻ ՀԵՏ

Ընկերային ցանցերու վրայ լայն արձագանգ գտած է ամուսնութեան լուր մը։ Այսպէս, մեր համայնքէն գործարար Արման Պըչաքճը ամուսնացած է դերասանուհի Սոնկիւլ Էօտէնի հետ։ Չորս տարուան միասնականութենէ մը վերջ անոնք որոշած են ամուսնանալ։ Արման Պըչաքճը որդին է Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեանի ու կ՚աշխատի յայտնի ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըի հետ, որու զարմիկն է։

Ըստ հաղորդումներուն, ընտանեկան նեղ շրջանակի մը մէջ տեղի ունեցած է երիտասարդ ամոլին ամուսնութիւնը։ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան ամուսնութիւններու բաժանմունքի տնօրէն Օսման Շենէր Քուրտօղլու կատարած է անոնց պաշտօնական պսակը։ Պարզ արարողութեան ընթացքին Սոնկիւլ Էօտենի վկաները եղած են՝ Արզում Օնան եւ Էսրա Տերմանճըօղլու։ Իսկ Արման Պըչաքճըի վկաները եղած են՝ Սեւան Պըչաքճը եւ Ովսաննա Օլկուն։  

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F28-07-2020-մեր-համայնքէն-արման-պըչաքճը-ամուսնացաւ-դերասանուհի-սոնկիւլ-էօտէնի-հետ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın