İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՀՌՉԱԿԱՒՈՐ ՎԱՐՊԵՏ

«YouTube»ի վրայ երէկ հետաքրքրական զրոյց մը տեղ գտաւ մեր համայնքի յայտնի անուններէն մէկուն՝ Արման Սուճիեանի հետ, որ գոհարեղէններ կը ձեւաւորէ եւ այս ոլորտի պարագային կը դասուի հեղինակութիւններու շարքին։ «Keyif Köşesi» ծրագրի ընթացքին Արման Սուճիեանի հետ հեռավար հարցազրոյց մը կատարեց ներքին ճարտարապետ Շեպնէմ Ուզունարսլան, որ միեւնոյն ժամանակ ակադեմական մըն է։ «YouTube»ի վրայ այս ծրագիրը շաբաթական պարբերութեամբ կեանքի կը կոչուի եւ այս շաբթուան ծրագրին ժամանակ Արման Սուճիեանի հետ կատարուած զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։ Հաղորդավար Շեպնէմ Ուզունարսլան զրոյցի սկիզբին յիշեցուց, որ Արման Սուճիեան համբաւ կը վայելէ ամբողջ աշխարհի մէջ՝ իր ուրոյն ձեւաւորումներով եւ նուաճած է բազմաթիւ մրցանակներ։

Աւելի վերջ Արման Սուճիեան բացատրեց, որ համաճարակի շրջանին չէ ընդհատած իր արտադրութիւնն ու նախագիծերու վրայ աշխատանքը՝ շնորհիւ այն առաւելութեան, որ իր բնակարանն ու աշխատանոցը կը գտնուին նոյն շէնքին մէջ։ Թէ ինչպէ՞ս ան որոշած էր գոհարեղէններու ծրագրաւորող մը դառնալ։ Արման Սուճիեան բացատրեց, որ մանկութենէն ի վեր եռաչափ իրերու նկատմամբ ունէր մեծ հետաքրքրութիւն։ Ստեղծագործութիւնը միշտ հաճելի էր իրեն համար, նաեւ վաղուց ուշադրութեամբ կը դիտարկէր բնութիւնը։ Այս բոլորը տարիներու ընթացքին հունաւորուեցան դէպի արհեստավարժ զբաղում։ Գործնական առումով ան ամառները աշկերտութիւն կ՚ընէր՝ լիսէի տարիներուն, մինչ իր ծնողքն ալ կը խրախուսէր զինքը։ Այսպէսով սկսած իր ոդիսականը տարիներու ընթացքին արդէն հասաւ ակադեմական մակարդակի մը։

Կարեւորելով դարերու ընթացքին Գոց շուկայի մէջ կուտակուած փորձառութիւնն ու պաշարը՝ Արման Սուճիեան հարցազրոյցի ընթացքին մատնանշեց ծրագրաւորումի եւ արհեստի տարբերութիւնները։ Երբ ան արհեստավարժ կեանքէ ներս առաջին քայլերը կ՚առնէր, Թուրքիոյ մէջ չկար որեւէ ուսման կամ պատրաստութեան հնարաւորութիւն, որ կը համապատասխանէր գոհարեղէններու ծրագրաւորման։ Գաղափարը, մտայղացումը գործադրութեան շօշափելի արդիւնքի վերածելիք դրութիւն մը գոյութիւն չունի։ 

http://www.jamanak.com/content/թրքահայ-կեանք/28-07-2020-հռչակաւոր-վարպետ

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın