İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ԹՈՒՄՕ-Ի ԱՄՐԱՆ ՃԱՄԲԱՐԸ

ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը ներկայ ամրան շրջանին Հայաստանի սահմանամերձ համայնքներու բնակիչ պատանիներու համար կազմակերպած է մասնաւոր ճամբար մը, որուն շուրջ 90 հոգի մասնակցութիւն բերած է։ 2020-ի ճամբարը սկսած է նոր ձեւաչափով մը՝ Տաւուշի, Լոռիի, Շիրակի եւ Սիւնիքի սահմանամերձ համայնքներու շուրջ 90 պատանիներ միացած են ծրագրին՝ հեռավար դրութեամբ: Ծրագիրը պատանիներուն կարելիութիւն կ՚ընձեռէ երեք շաբաթ ԹՈՒՄՕ-ցի դառնալու ու ծանօթանալու ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագրի ուղղութիւններուն՝ մարդամեքենաներու ծրագրաւորումէն եւ շինութենէն մինչեւ կենդանի պատկերաշարներու պատրաստութիւն: Թեքնիկ խնդիրները կանխատեսելով՝ ԹՈՒՄՕ-ն մասնակիցներուն տրամադրած է անհրաժեշտ համակարգիչներ:

Այգեհովիտէն, Գեղանուշէն, Ախթալայէն, Հայկաւանէն եւ 23 այլ համայնքներէ մասնակիցները ընտրուած են World Vision Armenia-ի աջակցութեամբ, իսկ Beeline Armenia-ի օգնութեամբ ապահովուած են համացանցային կապով:

Բացի ԹՈՒՄՕ-ի մասնագէտներուն հետ շաբաթական երկու անգամ դասընթանցքներէ, ճամբարականները կը մասնակցին նաեւ վարպետութեան դասերու, թանգարաններու զօրութենական (virtuel) այցելութիւններու, բնութեան պահպանման եւ ձեռնարկատիրութեան վերաբերեալ դասախօսութիւններու, շփումներ կ՚ունենան ամբողջ աշխարհէն նախկին ճամբարականներու հետ եւ մարզական առցանց վարժութիւններ կ՚ընեն հմուտ մարզիչներու հետ:

Ճամբարը մասնակիցներու համար ամբողջովին անվճար է՝ «Իզմիրլեան» հիմնադրամի Հայաստանի գրասենեակի, Հայ կրթական հիմնարկութեան, «Իրէն Գիւլնազարեան» կրթական հիմնադրամի, «Կոնվերս» դրամատան, «Ռոսգոսստրախ-Արմենիա»ի, «Ինգօ Արմենիա»ի, American Renaissance School-ի, ՀԱԷԿՇԻՆ ընկերութեան, գանատաբնակ Վահան Քոլոլեանի եւ ամերիկաբնակ Լինտա Ազարեանի աջակցութեանց շնորհիւ:

ԹՈՒՄՕ-ի ճամբարը կը գործէ 2012-էն ի վեր թէ՛ Հայաստանի հեռաւոր բնակավայրերէն եւ թէ աշխարհի 40 երկիրներէ աւելի քան 1500 պատանիներու համար ապահովելով կրթական եւ ժամանցի իւրայատուկ համադրութեամբ ծրագիր մը: Ամառուան ամիսները Հայաստան անցընելով՝ մասնակիցները ո՛չ միայն կը հմտանան ԹՈՒՄՕ-ի կրթական ծրագրի ոլորտներուն մէջ, այլեւ՝ կ՚այցելեն երկրի գեղատեսիլ վայրերը, ընկերներ կ՚ունենան եւ լաւ մըն ալ կը զուարճանան:

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F28-07-2020-թումօ-ի-ամրան-ճամբարը

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın