İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

«Հայե՜ր Միացէ՛ք, Միացէ՛ք Հայեր»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Սրբազան հայրը հեռաձայնեց եւ քաջալերեց մեզ բոլորս, որ ցոյցին մասնակցինք»։

Ալիքն է։ Իմ դուստրս, որ կ՚ապրի ու կ՚աշխատի Լոնտոն։ Ան իր բաժինը կը բերէ  տեղւոյն հայկական կեանքի գործունէութեան։ Իսկ սրբազան հայրը Յովակիմ սրբազանն է, որ կը քաջալերէ գաղութի անդամները հաւաքուելու Լոնտոնի Քենզինքթըն շրջանին մէջ՝ մասնակցելու համար ցոյցին, դատապարտելու համար վերջին օրերուն Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումները Տաւուշի շրջանին վրայ եւ հայկական գաղութներուն կողմէ ի զօրակցութիւն Հայաստանի եւ հայկական բանակին։ Քենզինկթըն շրջանը Լոնտոնի մէջ ունի իր իւրայատկութիւնը. Հայաստանի դեսպանատունը կը գտնուի այդ շրջանին մէջ։ Անգլիոյ ազրպէյճանական գաղութի կազմակերպած ցոյցին առիթով Յովակիմ սրբազանը «ոտքի հանած» է գաղութը՝ հակադարձելու այդ ցոյցին։

Յովակիմ եպս. Մանուկեան հոգեւոր առաջնորդն է Մեծն Բրիտանիոյ եւ  Իրլանտայի։ Մօտէն ճանչցած ըլլալով  զինք, իրեն հետ ունեցած հաղորդակցութիւններուս ընդմէջէն տեսած եմ քրիստոնէական հաւատքի, հայ եկեղեցւոյ եւ հայութեան նկատմամբ իր անզիջող նուիրուածութիւնը։ Ան յոգնիլ  չգիտցող կղերականն է, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ գաղութը պահելու իր ազգային եւ քրիստոնէական գիտակցութեան մէջ։

Հետեւելով տեղեկատուական ցանցերուն՝ զգացական էր տեսնել ցոյցին լուսանկարները։ Եթէ մէկ կողմէ ազրպէյճանցի ցուցարարները կային Հայաստանի դեսպանատան հանդիպակաց կողմը, անոնց դիմաց սրբազան հօր գլխաւորութեամբ կար ամուր կեցած հայկական խումբը, որ շրջապատած էր դեսպանատունը՝ պաշտպանելու համար զայն։ Ցոյցի ընթացքը եւ անոր կուտակած զայրոյթը հասած են իրենց գագաթնակէտին, բայց առկայ եղած է ինքնութեան եւ անոր պահպանման գրաւականը։ Վերջապէս,  դեսպանատունը՝ թեկուզ Լոնտոնի մէջ, հայկական հող է։ Հայաստան է։ Անգլիոյ հայորդիները կառչած էին իրենց հողին եւ ինքնութեան գիտակցութեան ու անոր պահպանումին։ Իսկ «ծեծուըռտուքնե՞րը»։ Հայուն հողը եւ անոր արժանապատուութիւնը պահելու համար էին։

Այս օրերուն կը հետեւինք բազմաթիւ ցոյցերու՝ աշխարհի տարբեր հայկական գաղութներուն մէջ։ Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպայի տարբեր գաղութներն ու անդին։ Հայն է, որ եթէ մտահոգ է ազրպէյճանական ռազմական գործողութիւններով, նոյնքան նաեւ բարկացած է։

Հայաստանի Տաւուշի մարզին մէջ տեղի ունեցած զինուորական գործողութիւնները փորձեցին դարձեալ վարանումի ենթարկել խաղաղասէր հայը՝ իր կեանքը ապրելու իրաւունքէն։  Հայկական բանակին քաջարի դիմադրութիւնը պահելու համար էր հայուն խաղաղասիրութիւնը։ Այդ խաղաղասիրութեան համար զոհուած հայ զինուորականները դարձան նահատակներ, որովհետեւ անոնք իրենց կեանքերը տուին՝ կառչելով այն հաւատամքին, թէ հայը իրաւունք ունի ապրելու իր սեփական հողին վրայ՝ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Բայց մանաւանդ ապրելու համար հայուն կեանքը իր արժանապատուութեամբ՝ կառչելով իր ազգային եւ քրիստոնէական ինքնութեան ու հաւատքին։ Այս կեանքը Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան պահանջած արդարութիւնն է։ Արդարութիւն մը, որուն հայը կը հաւատայ հասնիլ ոչ թէ կեանքեր սպաննելով, այլ կեանքեր կերտելով։ Չորս տղոց նահատակութեան գրաւականը նոյնինքն այս կեանքերը կերտելուն մէջ է։

Այս կեանքը կերտելն ու իրականացնելը հայուն արդար պահանջատիրութիւնն է, որ նոյնքան ունի քրիստոնէական աստուածաբանական հիմք։

Քրիստոնէական աստուածաբանութեան հիմքը Քրիստոսի պարգեւած շնորհքն է, որուն միջոցով իրականացաւ նոր կեանքը։ Նոր կեանքը շնորհուեցաւ Քրիստոսի խաչելութեամբ եւ Անոր յարութեամբ։ Այս շնորհքը եւ անոր պարգեւած նոր կեանքը արդիւնք էին Քրիստոսի սիրոյն. «Վասնզի Աստուած սիրեց աշխարհը» (Յովհաննու 3:16)։ Քրիստոսի այս սէրը արդար է, որովհետեւ Ան ամբողջ աշխարհը սիրեց՝ անխտիր։ Քրիստոսի մահով  եւ յարութեամբ կերտուած այս նոր կեանքին միջոցով մարդը ունեցաւ ապահովութիւնը չկորսուելու,  բայց նաեւ «յաւիտենական կեանք ունենալու» (Յովհաննու 3:16)։

Քրիստոնէական աստուածաբանութեան մեծութիւնը կը կայանայ ճիշդ այս իրականութեան մէջ։ Քրիստոս «սպաննուեցաւ», որպէսզի իւրաքանչիւր մարդու շնորհէ կեանքը, որ նոր է ։ Մարդը իր այս նորութեան մէջ կը կերտէ նոր կեանքեր՝ առանց հարկադրուելու եւ սպաննելու ուրիշը, որովհետեւ Քրիստոս ինք սպաննուեցաւ անխտիր բոլորին համար։

Հայը որոշեց իր ընտրանքը՝ հաւատալ այս նոր կեանքին։ Հայը հաւատաց, որ կ՚ուզէ կեանք կերտել, եւ այն ալ՝ նոր, եւ ոչ երբեք սպաննել։ Հայուն պայքարը՝ կեանքը կերտելու, միշտ ալ եղաւ արդար միջոցներով եւ ոչ թէ բռնապետական ու վայրագ արարքներով եւ սպաննելով։ Հայը կառչեցաւ արդարութեան, որովհետեւ իր կեանքը ուզեց կերտել, բայց նաեւ ապրիլ զայն նոյնինքն իր արժանապատուութեամբ։ Այս եղաւ հայուն կեանքը Ցեղասպանութենէն ետք եւ այսօր տակաւին կը շարունակուի նոյն գիտակցութեամբ։

Այսօր Տաւուշի պատերազմը իր պատգամը ունի իւրաքանչիւր հայուն։ Պատգամը կու գայ հայկական ժողովրդային երգին ընդմէջէն. «Հայե՜ր միացէ՛ք, միացէ՛ք հայեր»։

Տաւուշի պատգամը հայուն համար այսօր միացումի կանչն է։ Այս միացումի կանչը ունի իր կանչողը։  Եթէ երգին մէջ կանչողը Արցախն է, բայց այսօր՝ ա՛լ աւելին։ Միացումի կանչը հայուն համար է՝ ապրելու եւ կերտելու համար իր հարազատ կեանքը իր ազգային եւ ընդհանրական հիմքերով։ Իսկ կանչողը-կանչողները Արցախը, Հայաստանը եւ սփիւռքն են։ Այս հայկական կեանքը կերտելու համար հայը պէտք է միանայ։ Այսօր երեւի ամէն ժամանակէ աւելի։

Եղիշէ Չարենց կրցաւ տեսնել իր օրերուն, թէ հայուն փրկութիւնը, իմա՛՝ իր ազգային ու հայկական կեանքը կերտելը, իր հաւաքական ուժին մէջ է։ Հայը այս հաւաքական ուժը դարձուց իր ազգային գաղափարախօսութեան միտքը եւ հիմքը, որ զինք տարաւ մինչեւ աքսոր եւ նահատակութիւն։ Հաւաքական ուժը՝ հայուն կեանքը կերտելու եւ ապրելու հրամայականը։

Հաւաքական ուժը եթէ ֆիզիքական է, բայց նաեւ մտաւոր է եւ հոգեկան։ Տաւուշը ապացուցեց, որ հաւաքական ֆիզիքական այս ուժը կրնայ կեանք պահել եւ նոյնպէս կերտել, երբ հայը պատերազմական ճակատին վրայ մնայ անդրդուելի ազրպէյճանական զինուորական յարձակումներուն դիմաց։ Բայց կայ տակաւին մտաւոր եւ հոգեկան հաւաքական ուժը։ Երբեք պէտք չէ ստորադասել միտքի ու հոգիի ուժը։ Անոնք կրնան հասնիլ հոն, ուր ֆիզիքական ուժը երեւի չի կրնար հասնիլ։ Արժէ ապաւինիլ նաեւ միտքի ու հոգիի հաւաքական ուժին։

Այս հաւաքական ուժին հասնելու համար, հայկական ժողովրդային երգը պէտք է վերածել ապրող կեանքի. «Հայե՜ր միացէ՛ք, միացէ՛ք հայեր»։ Հայաստան եւ Արցախ պարտին դասաւորել իրենց քաղաքական անհամաձայնութիւնները եւ տքնին հասնելու հաւաքական այս ուժին։ Սփիւռքը՝ իր ներգաղութային եւ համահայկական տարբերութիւններուն ընդմէջէն, կուսակցական, միութենական, համայնքային, կենցաղային ու աւելին, պարտի կերտել հասարակ յայտարարը՝ հասնելու համար հաւաքական այս ուժին։

Հայաստան, Արցախ եւ սփիւռք պարտին միանալ՝ միասին հասնելու համար այս հաւաքական ուժին։

Հայուն աշխարհասփիւռ կեանքերը այսօր ունին հազարումէկ մարտահրաւէրներ։ Հայաստանէն մինչեւ Արցախ, Ամերիկաներէն մինչեւ Եւրոպա ու տակաւին Միջին եւ Ծայրագոյն Արեւելք եւ քիչ մը ամէն տեղ։ Այս մարտահրաւէրները այսօր հայուն կեանքին համար կը դառնան զգաստութեան հրաւէր, որ պէտք է մղէ մեզ անդրադարձներ կատարելու։

Անդրադարձ՝ հայուն անցեալի ապրած պատմութեան տարբեր հոլովոյթներուն ընդմէջէն։ Պէտք է յիշել, որ հայը չդադրեցաւ իր կեանքը կերտելէ։

Անդրադարձ՝ հայուն կեանքին, իր ներկայի եւ ապագայի ապրող եւ ապրելու հոլովոյթներէն մեկնելով։ Կեանքը կերտելու յաջողութիւնը եւ զայն զետեղելը պատմութեան շարունակականութեան հոլովոյթին մէջ նոյնքան կը կայանայ այս հաւաքական ուժին եւ անոր կառչելու գրաւականին մէջ ։

Եւ այս հաւաքական ուժը կ՛իրագործուի, երբ հայկական ժողովրդային երգը կը դարձնենք ապրող իրականութեան։

«Հայե՜ր միացէ՛ք, միացէ՛ք հայեր»։

http://www.aztagdaily.com/archives/478976

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın