İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍԱՐՍԱՓԵԼԻ ԱՐԿԱԾ

Ամրան ներկայ շրջանին Հէյպէլի կղզիէն Իսթանպուլ հասնելու ժամանակ այս առաւօտ Քապաթաշի մէջ լուրջ արկածի մը ենթարկուեցաւ տքթ. Էֆրամ Զեքի Ճանկիւլ։ «Էմին Քուլ» անուն նաւը մօտեցաւ Քապաթաշ եւ դէպքը պատահեցաւ ճիշդ այդ փուլին։ Նաւու աշխատողները կը փորձէին պարանով նաւամատոյցի առջեւ կանգնեցնել նաւը։ Ճիշդ այդ պահուն նաւամատոյցի պարանասիւնը տեղէն դուրս եկաւ եւ լարուած պարանն ալ ահաւոր ձայնով մը փրթելով հարուածեց Զեքի Ճանկիւլի դէմքը։ Ան վիրաւորուեցաւ եւ առաջին միջամտութիւնը նաւու բժիշկներուն կողմէ կատարուեցաւ։

Աւելի վերջ շտապօգնութեան աշխատողները հասան դէպքի վայր եւ Զեքի Ճանկիւլ դարմանման համար փոխադրուեցաւ հիւանդանոց։ Թէեւ իր կեանքին վը-տանգ չի սպառնար, սակայն ան իսկապէս անցուց մեծ վտանգ մը։

http://www.jamanak.com/content/լրահոս%2F23-07-2020-սարսափելի-արկած

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın