İçeriğe geçmek için "Enter"a basın

ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ԴԱՏԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ․ ՍՈՒՐԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻՆ ՄԱՍ ԿԱԶՄԵՑԻՆ ԵՐԵՔ ՀԱՅ ԵՐԵՍՓՈԽԱՆՆԵՐ

Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, Սուրիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններու Դատական Բարձրագոյն Յանձնախումբը հրապարակեց Սուրիոյ խորհրդարանական օրէնսդրական 3-րդ նստաշրջանի՝ 2020-ի ընտրութիւններուն արդիւնքով ընտրուած 250 երեսփոխաններուն անունները։

Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուեցան երեք սուրիահայեր, Հալէպէն՝ ազգի թեկնածու Ժիրայր Րէիսեան եւ Պաաս կուսակցութեան թեկնածու իրաւաբան Լիւսի Իսկէնեան, Դամասկոսէն՝ անկախ թեկնածու դոկտ. Նորա Արիսեան։
Սուրիոյ խորհրդարանի 250 աթոռներուն համար կը մրցէին Սուրիոյ բոլոր նահանգներէն 1656, որոնց 200-ը կին, թեկնածուներ։

Դատական Բարձրագոյն Յանձնախումբի նախագահ Սամեր Զմրիք, մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ քուէարկութեան մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող 6.224.687 քաղաքացի, մասնակցութեան տոկոսն է՝ 33, 17%:

Յիշենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանի կազմութենէն՝ 1928-էն մինչեւ 2020, խորհրդարանին մաս կազմած են 24 հայ երեսփոխաններ։ Մէկէ աւելի անգամներ խորհրդարանի երեսփոխան ընտրուած են միաժամանակ երեք կամ չորս թեկնածուներ։ Վերջին անգամ` 1947-1949 շրջանին, Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կազմած են չորս հայ երեսփոխաններ (1 Դամասկոս, 3 Հալէպ)։ Յառաջիկայ տարիներուն մէկ կամ երկու հայ երեսփոխաններ մաս կազմած են խորհրդարանին։ Սուրիոյ տագնապալի այս փուլին՝ 2020-ին, միաժամանակ երեք հայ երեսփոխաններ մաս կը կազմեն Սուրիոյ խորհրդարանին, արժանանալով ժողովուրդին քուէներուն նկատառելի տոկոսին։

Աւելցնենք, որ Սուրիոյ խորհրդարանի առաջին հայ կին երեսփոխանը եղած է դոկտ․ Նորա Արիսեան (2016-2020)։ Խորհրդարանական այս ընտրութիւններով առաջին անգամ ըլլալով Սուրիոյ խորհրդարանին մաս կը կազմեն երկու հայ կին երեսփոխաններ։

http://www.kantsasar.com/news/19748-2/?fbclid=IwAR1u84UFZijmJx4Ve70PrIRnH-xoso428NMKixsnIaLtKEDWUjKrECI9HTs

İlk yorum yapan siz olun

Bir Cevap Yazın